ՎԱՐՊԵՏԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ աշխարհահռչակ անմոռանալի տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ «Կոմիտաս» պանթէոնէն ներս պաշտօնապէս բացուեցաւ մեծանուն վարպետի կիսանդրին, որու հեղինակն է քանդակագործ Ալեքսան Պապայեան։ Հոգեւոր հայրեր հանգուցեալին համար հոգեհանգստեան կարգ կատարեցին, մինչ Ճիվան Գասպարեանի անուանակից թոռն ու նուագակից ընկերները հանդէս եկան կատարումներով։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի կազմակերպել տուտակահարներու միջազգային փառատօն մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022