ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն, նաեւ կանգ առին տարածաշրջանային խնդիրներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին վրայ։ Անոնք քննարկեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած եռակողմանի երեք յայտարարութեան կատարման ընթացքը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն շուրջ։

Երեւանեան զանազան աղբիւրներ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, որ այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Հայաստանի կառավարութեան եւ Քրեմլինի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններու բովանդակութեան մէջ կայ տարբերութիւն մը։ Այսպէս, ի տարբերութիւն հայկական կողմէն, ռուսական կողմը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ Թուրքիա-Հայաստան շփումներուն։ «Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ վերջին շփումներուն մասին», նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ։

Այս հեռախօսազրոյցէն առաջ, Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները երէկ օրուան ընթացքին յիշեցուցած էին, որ ռուսական կողմը վերջերս նպաստած է Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումներու մերձեցման՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին մէջ, փոխ-վարչապետներու համակարգած աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս։

Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ յայտարարեց, որ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կը շարունակէ անձամբ շատ աշխոյժ ներգրաւուած մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։ Ատրպէյճանի «Թրենտ» գործակալութեան տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ Պրիւքսել անպայման պիտի շփուի թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի հետ՝ լուծելու համար բոլոր կարեւոր հարցերը՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի խնդիրները։

Միւս կողմէ, Վրաստանի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Նիքոլոզ Սամխարածէ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի վերջին նստաշրջանին ժամանակ յայտնած էր, որ իր երկիրը կ՚առաջարկէ Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանականներուն մասնակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022