ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Խումբ մը հայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Հայ ձեռներէցներու ընկերակցութիւն» անուանեալ հասարակական կազմակերպութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ընկերակցութեան արձանագրումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ։ Նորաստեղծ ընկերակցութեան նախագահն է ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան։ Այս վերջինը, որ «Տաշիր» հոլտինկի գլխաւորն է, արդէն կը հանդիսանայ նորաստեղծ ընկերակցութեան հիմնադիրը։

Բացի Սամուէլ Կարապետեանէն, նորաստեղծ ընկերակցութեան հիմնադիրներու շարքին կը գտնուի «Ֆորա-պանք»ի նախագահ Հայկ Իկնատեան, Comedy Club-ի հիմնադիր Արթուր Ճանիբէկեան, «Տաշիր»ի առաջին փոխ-նախագահ Վարուժան Արդէնեան, «Լուտինկ» գինիներու ներածման ընկերութեան համասեփականատէր Արմէն Շահազիզեան եւ այլք։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2019