ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

Գանատայէ ներս հաստատուեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրին։ Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ ներս հայկական համայնքներու նախաձեռնութեամբ կը հաստատուին Կոմիտասի արձանները եւ այս վերջինն ալ եկած է համալրել այդ շարքը։ Այս անգամուան կիսանդրին զետեղուած է Մոնրէալի մէջ, ուր երէկ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մոնրէալ Գանատայի ամենամեծ երկրորդ քաղաքն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մոնրէալի մէջ տեղադրուած Կոմիտասի կիսանդրիի հեղինակն է՝ Մկրտիչ Տարաքճեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020