ՌԵՆՈՒԱՐԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԻ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐՈՎ

1841 թուականի 25 փետրուարին, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքը բնակող աղքատ դերասան Լէոնարտի եւ դերձակուհի Մարկարիթայի ընտանիքին մէջ կը ծնի 6-րդ զաւակը՝ Փիէռ-Օկիւստ Ռենուար, որ յետագային պիտի դառնար հռչակաւոր գեղանկարիչ եւ տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մէկը:

Թէեւ Ռենուարի ծնողները հարուստ չէին, սակայն կը ջանային ապահովել իրենց 7 երեխաներուն պահանջները:

Օկիւստ շատ չարաճճի երեխայ մըն էր եւ շատ կը բարկացնէր իր ծնողքը. կը սիրէր առանց թոյլտուութեան վերցնել հայրիկի մատիտները եւ առանց մայրիկին հարցնելու՝ նկարել տան պատերուն վրայ: Իսկ ծնողքը՝ չափէն աւելի սիրելով փոքրիկը, ոչինչ կ՚արգիլէր անոր:

1844 թուական Ռենուարներու ընտանիքը կը հաստատուի Փարիզ, ուր փոքրիկ Փիէռը կը սկսի երգել Սուրբ Էսթաշի մեծ տաճարի եկեղեցական երգչախումբին մէջ: Երգչախումբի հիմնադիր-խմբավար, երաժշտահան Շարլ Կիւնօ, լսելով փոքրիկի ձայնը, մեծ ապագայ կը գուշակէ անոր՝ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս եւ ծնողները կը համոզէ զայն տանիլ երաժշտական դպրոց: Սակայն փոքրիկը, որ հետաքրքրուած չէր երաժշտութեամբ, կը հրաժարի երաժշտական դպրոցէն…

13-ամեայ Փիէռը սորվելու կը տանին Լեւի եղբայրներու ճենապակեայ իրեր արտադրող գործարանը, ուր ան նկարել կը սորվի՝ շատ լաւ նկարազարդելով եւ ձեւաւորելով սպասք, վարագոյրներ, հովահարներ՝ միաժամանակ յաճախելով գեղանկարչութեան դպրոց: Ան մեծ հաճոյք կը ստանայ իր գործէն. սակայն 1858 թուականին գործարանը կը սնանկանայ եւ Օկիւստ ձեռնունայն մնալով կը սկսի նկարազարդել սրճարաններու պատերը եւ հովանոցներ: 1860-ին, ան Լուվրի մէջ կ՚աշխատի իբրեւ պատճէնահան՝ կրկնօրինակելով յայտնի նկարիչներու աշխատանքները, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը գործեն Օկիւստի յետագայ աշխատանքներու վրայ:

1862 թուական ան կ՚ընդունուի Փարիզի Գեղարուեստի դպրոց, ուր կը մտերմանայ Քլոտ Մոնէի եւ Ալֆրէտ Սիսլէյի հետ: Հոս անոր կը դասաւանդէ Մարք Կապրիէլ Շարլ Կլէյր. ակադեմական կրթութեան մեթոդներու հետեւորդ մը, որ կ՚ըսէր, թէ գեղանկարչութիւնը պէտք է իրական կեանքը ներկայացնէ եւ նկարներու մէջ պէտք է գերակայեն մռայլ երանգները: Ան իր սաներն ալ այդ սկզբունքներով կը կրթէր: Փիէռ, սակայն, աւելի փոփոխութիւններու եւ նորարարութիւններու հակամէտ էր:

Ռենուարի առաջին յաջողած աշխատանքը, որ բարձր կը գնահատուի, իր սիրելի «Լիզը հովանոցով» (1867թ.) դիմանկարն էր (Լիզը Ռենուարի սիրուհին էր, որուն ամուսնութիւնը եւ իրմէ հեռանալը խոր վշտի մէջ ձգած էր նկարիչը): Օկիւստի վաղ շրջանի կտաւներուն մէջ նկատելի է Կիւստաւ Քուրպէի եւ Էտուար Մանէի ազդեցութիւնը՝ լուսաօդային փոփոխական գեղեցկութիւնը, մասնաւորապէս մարդկային կերպարներու բազմազանութիւնը:

Անոր յետագայ կտաւներու գոյները թափանցիկ ու պայծառ կը դառնան:

Ֆրանսացի գրող, գրաքննադատ, լրագրող Օքտաւ Միրպօ Ռենուարի մասին ըսած է. «Ան կերպարուեստի մէջ միակն է, որ ոչ մէկ տխուր նկար ստեղծած է»:

1880-ական թուականներուն Ռենուար կը ճամբորդէ Իտալիա, Սպանիա (ուր կը ծանօթանայ Վելազքէզի եւ Կոյայի աշխատանքներուն), Ալժիր եւ ուրիշ երկիրներ։ Հոլանտայի մէջ ան կ՚ուսումնասիրէ Վերմէրի եւ Ռամպրանտի նկարները: Յետագային, Ռաֆայէլի ազդեցութեամբ, ան կը փոխէ նկարելու եղանակը՝ գծանկարը աւելի ճշգրիտ դարձնելով, ուրուագիծերը՝ պարզ եւ ծաւալները՝ մշակուած:

Ի տարբերութիւն շարք մը տպաւորապաշտ գեղանկարիչներու՝ Ռենուարը առաւել կը հետաքրքրէ մարդու անհատականութիւնը եւ անոր անկաշկանդ կապը բնութեան հետ: Ան ճշգրտօրէն կ՚արտայայտէ բնորդի տրամադրութեան նրբերանգները, կը բացայայտէ Փարիզի կանանց իւրայատուկ ու անկրկնելի հմայքը:

Ռենուար չէր կրնար անտարբեր մնալ կանացի գեղեցկութեան հանդէպ եւ շատ կը սիրէր կիները: Կանայք եւս կը սիրէին զայն. մուսաները մէկը միւսին ետեւէն կը փոխարինէին միմեանց: Շատեր վստահ էին, թէ ան բնաւ պիտի չամուսնանայ, քանի որ անոր կեանքի ամենամեծ սէրը նկարչութիւնն էր: Գեղանկարչի մուսաներէն՝ դերասանուհի Ժաննա Սամարի կ՚ըսէր. «Ամէն անգամ կտաւի վրայ աշխատելու ընթացքին, Ռենուար կ՚ամուսնանայ այն կնոջ հետ, զոր կը պատկերէ»:

Շուտով Փիէռ կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ՝ իրմէ քսան տարի փոքր դերասանուհի Ալին Շարիկոյի, որ իր տան դիմացը գտնուող տիկին Քամիլի մթերային խանութը կ՚աշխատէր: Ալին շատ լսած էր հռչակաւոր նկարիչի մասին եւ կը հիանար անոր: Ան շատ հեռու էր նկարչութենէ, սակայն ամէն կերպով կը փորձէր լաւ եւ հասկցող կին ըլլալ. համեղ կերակուրներ կը պատրաստէր ամուսնոյն համար, կը հետեւէր տան կարգուկանոնին եւ սիրով կը հիւրընկալէր իր սիրելի վարպետի ընկերները: Ռենուարն ու Ալինը իրենց առջինեկի՝ Ժանի ծնունդէն հինգ տարի յետոյ միայն պաշտօնապէս կ՚ամուսնանան: Աւելի ուշ կը ծնին Քլոտն ու Փիէռը:

Օկիւստը իւրովի կը սիրէր իր կինը: Ալինի հանդէպ տածած նուրբ ու քնքոյշ զգացմները արգելք չէին հանդիսանար իր բնորդուհիներուն հետ սիրավէպեր ունենալուն: Տիկին Ռենուար սիրուհիներու կողմէն ոչ մէկ վտանգ կը զգար, միայն կը վիրաւորուէր ամուսնոյն վերաբերմունքէն, բայց որոշած էր չհեռանալ անկէ՝ քանի որ անոր հանդէպ ունեցած սէրը զօրեղ էր:

1897 թուականին նկարիչը առողջական լուրջ խնդիրներ կ՚ունենայ. միեւնոյն ատեն կը կոտրի ձեռքը: Հետզհետէ անոր վիճակը աւելի անմխիթար կ՚ըլլայ, սակայն նկարիչը կը շարունակէ նկարել… Կարճ ժամանակ վերջ Ռենուար յօդացաւով տառապելով՝ կը գամուի անդամալոյծի սայլակին: Զօրաւոր ցաւերէն տառապող նկարիչը, սակայն, ձեռքէն չի ձգեր վրձինը. որդին՝ Քլոտը կ՚օգնէ, որպէսզի ան վրձինը ձեռքերուն մէջ բռնէ եւ նկարէ: Իսկ երբ անոր մատները վերջնականապէս կը թուլնան, իր խնդրանքով մատիտը կը կապեն ձեռքին, եւ ան կը շարունակէ նկարել: Կ՚ըսուի թէ, իր մերձաւոր ընկերը՝ հանճարեղ Անրի Մաթիս, որ ամէն օր կ՚այցելէր իրեն, օր մը կը հարցնէ. «Օկիւստ, ինչո՞ւ նկարելը չես ձգեր, այնքա՜ն կը տառապիս ցաւէն»: Իսկ վերջինս կը պատասխանէ. «Ցաւը անցողիկ է, մինչդեռ գեղեցկութիւնը յաւերժ»:

«Ես երջանիկ մարդ եմ, քանզի այժմ նկարելէ զատ, այլ բան ընելու ընդունակ չեմ», կը կատակէ ան:

Իր վերջին կտաւներուն մէջ Ռենուար կը պատկերէ երեխաներ, երիտասարդ աղջիկներ եւ այլաբանական կերպարներ, որոնք իրեն համար երիտասարդութեան, գեղեցկութեան եւ ուժի խորհրդանիշներ էին:

Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ՝ 1915 թուականի յուլիսին, նկարիչի առողջական վիճակը ա՛լ աւելի կը վատթարանայ. որդիները հայրենիքի առջեւ իրենց պարտքը կատարելու կ՚երթան: Ալին՝ այնքան մտահոգուելով անոնց ճակատագրով, յանկարծամահ կ՚ըլլայ: Չդիմանալով իր անփոխարինելի ընկերոջմէ եւ հաւատարիմ կնոջմէ բաժնուելու իրողութեան՝ Ռենուար վերջնականապէս ուժասպառ կ՚ըլլայ…

Հռչակաւոր նկարիչը կը մահանայ 1919 թուականի դեկտեմբեր 3-ին (78 տարեկան), թոքատապէն, Քակէն-Սիւր-Մերի մէջ: Ան թաղուած է Էսուա քաղաքը:

Իր կեանքի ընթացքին Ռենուար խնդալով միշտ կ՚ըսէր, թէ նկարելու մասին ինք ոչինչ գիտէ: Մահուընէ քանի մը ժամ առաջ ան կը խնդրէ վրձին եւ ներկեր տալ իրեն, եւ աւարտին կը հասցնէ իր վերջին աշխատանքը՝ «Նաթիւրմորթ»ը (իրեն համար հաւաքած ծաղկեփունջէն), մինչեւ վերջին շունչը մնալով արեւի լոյսի եւ մարդկային երջանկութեան անխռովելի երկրպագուն: Անոր վերջին խօսքերը կ՚ըլլան. «Կարծես ես կը սկսիմ բաներ մը հասկնալ այս մասին»…

Իր լաւագոյն գործերէն են՝ «Ժանն Սամարի»ի եւ «Վիքթոր Շոքէ»ի դիմանկարները, «Երկնագոյն ժապաւէնով օրիորդ Կրիմպէլը», «Հովանոցներ», «Հովահարով աղջիկը», «Պարը Պուժիվալի մէջ»…

«Հովանոցներ» կտաւը (1881-1886թթ.) կը համարուի Ռենուարի ամենայայտնի գործերէն մէկը՝ թէեւ կտաւին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն: Այս կտաւը ան նկարած է քանի մը տարի շարունակ՝ այն շրջանին, երբ իր նկարչական ձեռագրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենային: Նկարի մէջ աջին գտնուող կանանց հագուստները 1881-1882 թուականներու իտալական նորաձեւութեան կը համապատասխանեն, իսկ ձախին գտնուողներունը՝ 1886-ի նորաձեւութեան:

Ռենուար կերտած է նաեւ քանդակներ («Վեներա», «Մայրութիւն», «Մեծ լուացարարուհին»…), որոնք կ՚առանձնանան կերպարուեստի ձեւերու հզօրութեամբ եւ ուրուագիծերու ներդաշնակութեամբ:

Նկարիչը արժանացած է Ֆրանսայի Պատուոյ շքանշանին:

Ռենուարի ստեղծագործելու տարբեր ժամանակահատուածները տարբեր անուններով կոչուած են. սկզբնական շրջանը կը կոչուի «Ինկէսի շրջան», երբ նկարիչը ինքզինք «թթու» կ՚անուանէր: 90-ականներու սկիզբը անոր արուեստին մէջ նոր փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան: Գեղատեսիլ ձեւով կը յայտնուին գորշ գոյներ, որու պատճառով այս շրջանը կը կոչուի «մարգարիտ»:

Վերջին շրջանը կը կոչուի «կարմիր». ոչ մէկ թաքնուած իմաստ ունի՝ պարզապէս այդ շրջանին նկարիչը նախապատուութիւնը կու տար տաք կարմիր եւ վարդագոյն երանգներուն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020