1578 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ վերջին ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու 40 տոկոսը կը կազմեն 20-40 տարեկան երիտասարդները։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 96 հազար 842 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1578 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 53 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1013։ Ներկայ դրութեամբ 1102 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վերջին շաբթուան ընթացքին համաճարակը առաւել չափով ծաւալած է Վանի, Քարամանի, Էրզինճանի, Չանքըրըի եւ Կեսարիոյ մէջ։ Ծանր հիւանդներու պարագան ամենաբարձր մակարդակի վրայ է՝ Իսթանպուլի, Անգարայի, Քոնիայի, Եոզղատի եւ Էրզուրումի մէջ։

«Միասնաբար հնազանդինք նախազգուշական սահմանափակումներուն։ Երիտասարդները սահմանափակումներուն հնազանդելու ուղղութեամբ օրինակ պէտք է հանդիսանան՝ թէ՛ ինքզինքնին եւ թէ իրենց մեծերը պահպանելու տեսակէտէ։ Միասնաբար զգոյշ ըլլանք», կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020