ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ՝ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ

Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ամանտա Փոլ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարներուն շուրջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Ամանտա Փոլի կանխատեսումներով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցում պիտի ըլլայ, սահմանները պիտի բացուին, բայց ոչ երկու-երեք տարուայ ընթացքին։ Արդարեւ, յարաբերութիւններուն մէջ վստահութեան պակաս գոյութիւն ունի՝ յատկապէս, Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ պարագային։ Կարեւորելով կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը, վերլուծաբանը ընդգծեց, որ շատ բան կախում ունի այն հանգամանքէն, թէ որքանով կեանքի պիտի կոչուի Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը։

«Համամիտ եմ, թէ Թուրքիա եթէ փափաքի յարաբերութիւններու կարգաւորման երթալ, ապա սա շատ դրական կ՚ընկալուի նաեւ արեւմտեան գործընկերներուն՝ Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, ինչպէս եղած էր քանի մը տարի առաջ, երբ յարաբերութիւնները կարգաւորել փորձուեցաւ, դժբախտաբար, ձախողեցաւ։ Սա շատ արագ տեղի ունենալիք բան մը չէ։ Կը կարծեմ, թէ տեղւոյն վրայ իրավիճակը պէտք է շատ կայուն ըլլայ։ Ես կը խօսիմ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի մասին։ Կը կարծեմ՝ այնտեղ կան շատ հարցեր՝ կապուած սահմաններու փոփոխութիւններու եւ այլնի հետ։ Անոնք պէտք է լուծուին։ Անկեղծ խօսքով՝ Թուրքիոյ դիտանկիւնէն ես կրնամ տեսնել, որ այս երկիրը կորսնցնելիք բան մը չունի, եթէ ան Հայաստանի հետ սահմանը բանայ ու պայմանները լաւ ըլլան եւ հակառակ կողմէն ալ կատարուի նոյնը», ըսաւ Ամանտա Փոլ։

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ցամաքային սահմանի բացման հեռանկարին կապակցութեամբ Ամանտա Փոլ յայտնած է, որ իր համոզմամբ՝ երկու կողմերուն մօտ ալ այդ բանը ընելու ցանկութիւնը կայ, սակայն սա շատ շուտ պիտի չըլլայ։ Իր խօսքով՝ այս մէկը գործընթաց մըն է, որ տեղի պիտի ունենայ, բայց ոչ մօտակայ քանի մը տարիներու ընթացքին։ «Եկէք ըսենք, որ սա աւելի շատ երկարաժամկէտ է», ընդգծեց Ամանտա Փոլ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021