ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ այս տարեվերջին Թուրքիոյ արտածումը 211 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին պիտի հասնի։ Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը։ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ նիստը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան բազմաբնոյթ հարցեր։ Էրտողան ժողովէն վերջ մանրամասն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ ազգին ուղղուած խօսքի ձեւաչափին մէջ։ Ան այս առթիւ արժեւորեց՝ նախօրէին յայտարարուած միջնաժամկէտ տնտեսական ծրագիրը։ Ըստ իրեն, Թուրքիա այս տարի իր ազգային հասոյթը 800 միլիառ տոլարէ աւելի բարձր կէտի մը պիտի հասցնէ, իսկ այդ ծրագրի աւարտին 1 եռիլիոն տոլարի մակարդակին պիտի բարձրացնէ։ Ծրագրի տեւողութեան նախատեսուած է արտածման թափի աւելնալը։ Այս նախաձեռնութիւններով թիրախաւորուած է արտածումը 211 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելը։ Կառավարութիւնը որդեգրած է նաեւ ընթացիկ բացը ազգային հասոյթի 1 տոկոսին իջեցնելու նպատակը։

Էրտողանի խօսքով՝ Կեդրոնական դրամատան տարադրամի պաշարներն ալ գերազանցած են 118 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021