ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ար­ձա­գան­գեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը նշած էր, թէ հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ պայ­ման­նե­րը տա­կա­ւին չեն հա­սուն­ցած եւ ինք կար­գա­ւոր­ման հա­մար ճա­նա­պարհ մը չի տես­ներ։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ռա­շա Թու­տէյ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ըստ հե­տե­ւեա­լի մեկ­նա­բա­նեց Ճոն Քե­րիի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «Կը կար­ծեմ, որ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման կը նպաս­տեն ոչ թէ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, այլ գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քը, ո­րով իսկ կը զբա­ղինք մենք»։

­Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան նոր այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կը յստա­կա­նան։ Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րը Հոկ­տեմ­բե­րի վերջա­ւո­րու­թեան պի­տի այ­ցե­լեն հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Յա­մե­նայն­դէպս ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը տա­կա­ւին յստակ ժամ­կէտ­ներ չնշեց ու­ղե­ւո­րու­թեան շուրջ։ Ո­ւոր­լիք յոյս յայտ­նեց, թէ կը հան­դի­պին եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ո­ւոր­լիք ող­ջու­նեց Ֆրան­սա­յի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ յա­ջորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը հիւ­րըն­կա­լե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Որ­պէս Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ՝ Ֆրան­սա, Ռու­սաս­տան եւ ԱՄՆ սեր­տօ­րէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին ի­րա­րու հետ միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով՝ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ հա­կա­մարտ կող­մե­րը հա­ւա­տա­րիմ են խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման եւ ի­րենք չեն կար­ծեր, թէ ո­րե­ւէ բան պի­տի փո­խուի։

Իր կար­գին, ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկն ալ յայտ­նեց, թէ իր գրա­սե­նեա­կը լիա­զօ­րու­թիւն չու­նի՝ հա­կա­մարտ կո­ղմե­րուն մի­ջեւ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն շուրջ հե­տաքն­նու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ան ընդգ­ծեց, որ Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւած 6 ամ­սուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ա­ռանց ջանք խնա­յե­լու աշ­խա­տած են ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016