ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՊԿ-Ի ԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Ե­րե­ւան։ Այս­պէս Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին ան պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայտ­նեց, որ նիս­տի ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կուին հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ա­պա­գայ կա­տա­րե­լա­գործ­ման եւ մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հրա­տապ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։ Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի գտնուին նաեւ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը եւ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, պի­տի ներ­կա­յա­ցուին ՀԱՊԿ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հաս­տատ­ման։

Կը նա­խա­տե­սուի, որ Սէր­կէյ Լաւ­րով Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թե­նէն դէմ­քե­րու հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016