ԳՐԱՌՈՒՄ. «ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ»

Մինչ Արցախի սաստիկ պատերազմը կը շարունակուի, ընկերային ցանցերու վրայ անհատներու մակարդակով աչքի կը զարնեն հետաքրքրական գրառումներ։ Վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացած էինք «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած խմբաւորման յայտարարութեան, որով լրջօրէն կը հարցաքննուէր Պաքուի դիրքորոշումը ու կը քննադատուէր նախագահ Ալիեւի վարչախումբը։ «Twitter»ի վրայ ալ Նազրին Կատիմովա Աքպուլութ վերջին օրերուն հարց տուած է, որ արդեօք համաձայնութիւն մը կարելի՞ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Արցախի հարցին վերաբերեալ ան թէեւ Ատրպէյճանի պաշտօնական տեսակէտները մէջբերած է իր գրառումներուն մէջ, սակայն այդ բոլորը մատուցուած են խաղաղութեան մը հաւանական հեռանկարի լոյսին տակ։ Աքպուլութ նշած է, որ պէտք է կնքուի համաձայնութիւն մը՝ երկու կողմերու իրաւունքները հաշուի առնելով։ Հրադադարը առանձին լուծում մը չի կրնար ըլլալ։ Հաշտութեան գործընթացը կը կարօտի երրորդ կողմի մը մասնակցութեան եւ կողմերը պէտք է համոզուած ըլլան այդ երրորդ կողմի անկողմնակալութեան եւ յարգանքին ուղղութեամբ։ Այլապէս պատերազմը աղիտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Գրառման մէջ ընդգծուած է, որ հաշտութեան հաւանական գործընթացն ալ կրնայ տարիներ տեւել, որպէսզի կողմերու միջեւ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած վէրքերը սպիանան։

Աքպուլութ յիշեցուցած է, որ Արցախի պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի մէջ շարք մը իշխանութիւններ պարտաւորուած են հրաժարականներ տալ, երբ իրավիճակը սկսած է թէժանալ սահմանին վրայ։ Նոյն տրամաբանութեամբ ան յիշեցուցած է նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականին տուն տուած պայմանները։

Գրառումներուն մէջ նշուած է, որ Արցախը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ պատերազմի մէջ անյաջողութիւնը միշտ ալ լուրջ վտանգ մը կ՚ենթադրէ երկու երկիրներէն ներս քաղաքական տագնապներու ծնունդ տալու տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020