ԶՈՀՈՒԱԾ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

-  «Հայ մօր կոչումն է ազգին նուիրեալ զինուորներ ծնիլ ու դաստիարակել»:

«Եթէ պատերազմ սկսի, մենք անպայմա՛ն կը յաղթենք: Պէտք ըլլայ՝ մայրերով պատրաստ ենք երթալ հայրենիքին աջակցելու: Պատրաստ ենք ծառայելու, կռուելու, զոհուելու»:

-  «Լա՛ւ ըրաւ տղաս. ան արգիլեց թշնամիին յառաջխաղացքը. զոհուեցաւ յանուն գաղափարի, յանուն այն հայրենիքին, որուն մէջքը ամուր պահելու համար այստեղ չէ ան…»:

«Ես կ՚ուզեմ, որ խաղաղութիւն ըլլայ, ոչ մէկ մայր արցունք թափէ, ուրախ-ուրախ ճանապարհեն, ուրախ-ուրախ դիմաւորեն…»:

«Որպէս ազատամարտիկի մայր, կը կարծեմ, որ մեր տղաքը զոհուեցան մէկ նպատակի՝ հայրենիքի համար: Իմ տղաս ամէն ինչ ունէր, բայց հայրենիք չունէր…»:

«Ես սգաւոր մայր չեմ, ես Վարդանի՛ մայրն եմ, ես հերոսի՛ մայր եմ…»:

«Վարդանը իմս չէ, մօրը չէ, մեր ընտանիքինը չէ, այս ժողովուրդինն է: Ամէն մարդ իր հոգիին խորքը , ի՛ր Վարդանը ունի»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020