ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 7 հազար 700 տոլարով աճուրդի հանուած է առասպելական անգլիացի դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» եւ «Միանձնուհիի պատմութիւնը» շարժանկարներու նկարահանումներու ժամանակ քաշուած հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոն։

Լեւ Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» դասական վէպի շարժանկարին մէջ դերասանուհին կերտած է Նաթաշա Ռոսթովայի դերը։ Աճուրդի հանուած լուսանկարներէն մէկուն մէջ Օտրի Հեփպըրն գրկախառնուած է շարժանկարի միւս դերակատար Հենրի Ֆոնտային:

Հաւաքածոն կը ներառէ նաեւ «Միանձնուհիի պատմութիւնը» ժապաւէնէն լուսանկարներ, ուր ան խաղացած է Կապրիելա վան տեր Մալի դերը։ Դերասանուհին լուսանկարները այնքան սիրած է, որ անոնք պահած ու փայփայած է մինչեւ իր կեանքի վերջը։

Տասնչորս լուսանկարներէ բաղկացած հաւաքածոն վաճառքի հանած է ամերիկեան Nate D Sanders աճուրդատունը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020