ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՏԵՍԱԿՆԵՐ

Երեխայի սննդակարգը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ անոր առողջութեան պահպանման ընթացքին վրայ, ուստի Parents կայքէջը կը ներկայացնէ սննդամթերքի այն տեսակները, որոնք կը համարուին փոքրիկներու առողջութեան համար ամենէն օգտակարները:

Մասնագէտներու ներկայացուցած ցանկին մէջ առաջին տեղը կը գրաւեն նարնջեղէնները, որոնցմէ ամենաօգտակարներն են՝ կիտրոնը, թուրինջը, նարինջն ու մանտարինը: Այս միրգերը կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ կենսանիւթ Սէ., որ կը բարձրացնէ արիւնի սպիտակ գնդիկներու մակարդակը ու կը պաշտպանէ մարմինը ախտածին ժահրերէ ու մանրէներէ: Աւելին՝ Սէ. կենսանիւթը հարկաւոր է քալսիումի եւ երկաթի լաւ իւրացման համար, ուստի ան շատ կարեւոր է աճող մարմնի համար:

Երեխաներու համար շատ օգտակար է նաեւ կարմիր պղպեղը: Ան պեթա-քարոթենով հարուստ աղբիւր մըն է, որ կ՚օգնէ ամրապնդել դիմադրողականութեան համակարգը ու կանխել մաշկի հիւանդութիւնները, որոնք կը յառաջանան արտաքին միջավայրի անբարենպաստ պայմաններու, նաեւ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու հետեւանքով: Մինդ այդ, այս նիւթը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ աչքերու առողջութեան համար:

Փորձագէտներու կարծիքով՝ երեխաներու առողջութեան համար շատ օգտակար է նաեւ հաւու միսը, ուստի ան նոյնպէս պէտք է ներառուի սննդակարգին մէջ: Սա պայմանաւորուած է անով, որ այս մթերքը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ Պէ.6 կենսանիւթ, որ կը մասնակցի արիւնի կարմիր գնդիկներու՝ մարմնի բջիջները թթուածինով յագեցնող բջիջներու ստեղծման գործընթացին:

Այս ցանկին մէջ յայտնուած է նաեւ սխտորը, որ հարուստ է ծծումբ պարունակող միացութիւններով, որու շնորհիւ ալ կ՚օգնէ պաշտպանել մարմինը պաղառութենէ, հարբուխէ եւ շնչառական համակարգի սուր վարակիչ այլ հիւանդութիւններէ:

Երեխաներու առողջութեան համար շատ օգտակար է նաեւ պրոքոլին: Կաղամբի այս տեսակը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ կենսանիւթեր, հակաօքսիտաններ ու սննդային բնական մանրաթելեր, որոնք շատ կարեւոր դեր կը խաղան մարմնի բոլոր համակարգերու աշխատանքի բարելաւման ընթացքին: Մինչ այդ, պէտք չէ մոռնալ նաեւ ընկոյզներու մասին, քանի որ անոնք կը բարելաւեն մարսողական աշխատանքը: Ընկոյզները հարուստ են Է. կենսանիւթով, որ մարմնի մէջ կրնայ յանգեցնել նիւթափոխանակութեան գործընթացներու ու դիմադրողականութեան համակարգի հետ կապուած խնդիրներու, ուստի երեխայի սննդակարգին մէջ յարկաւոր է անպայման ընկուզեղէն ներառել:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020