2021 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՅՆԸ

Յայտնի դարձած է 2021 թուականի գլխաւոր գոյնը ըստ ջնարակի եւ ներկերու հոլանտական Dulux ընկերութեան: Յաջորդ տարուան գոյնը հողային պէժ երանգն է՝ Brave Ground («խիզախ հող»), կը գրէ Dezeen-ը: Ընկերութիւնը նշած է, որ այս բազմակողմանի գոյնը կ՚արտացոլէ բնութեան ուժը:

Dulux ընկերութիւնը խորհուրդ կու տայ տարուան գոյնը համարձակօրէն օգտագործել: Ան կը ստեղծէ խաղաղ մթնոլորտ:

Brave Ground-ի ընտրութեան վրայ ազդած է COVID-19 համաճարակը:

«Համաշխարհային համաճարակի արդիւնքին մարդոց կենսամիջավայրի առաջնահերթութիւնները փոխ-ւած են, ինչպէս նաեւ ապրելու եւ աշխատելու պայմանները: The Brave Ground գոյնը մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծել միջավայրեր, ուր անոնք կրնան հանգստանալ եւ վերալիցքաւորուիլ», նշուած է ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020