ՄԱՀ՝ ՎԻԳԷՆ ՉԻՏԷՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է հայկական դիւանագիտութեան երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին՝ դեսպան Վիգէն Չիտէճեան։ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ձեռքբերման շրջանին կարեւոր պետական պաշտօններ, բարձր պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձնաւորութիւն մըն էր Վիգէն Չիտէճեան։ Թէեւ գործադիր իշխանութեան մէջ ալ պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր, սակայն, իր հիմնական ծառայութիւնը տեղի ունեցած էր դիւանագիտական գետնի վրայ։ Վիգէն Չիտէճեան երկար տարիներ Փարիզի մէջ պաշտօնավարած էր՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան։ Որոշ ժամանակաշրջան մը եղած էր նաեւ Հայաստանի դեսպանը Պրիւքսելի մօտ։ Զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ եղած էր Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը։ Վիգէն Չիտէճեանի կորուստը իսկապէս ցաւալի է՝ հաշուի առնելով իր բերած ծառայութիւնները, իր կշիռը եւ իր մարդու որակը։ Դժբախտաբար, վերջին շրջանին ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։

Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութիւնը կորսնցուց իր առանցքային գործիչներէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիտէճեանը, որ կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին մէջ՝ Անկախութեան հռչակման յաջորդած առաջին տարիներու բարդ ժամանակաշրջանին զբաղեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ-վարչապետի, պետական նախարարի, արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնները։

Վիգէն Չիտէճեան հանդիսացած է Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը, յետագային՝ 2009-2018-ի միջեւ Ֆրանսայի մօտ վերստին Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը ստանձնելով, հայ-ֆրանսական բարեկամութեան եւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու նուիրեալներէն էր։

Զանազան տարիներուն զբաղեցնելով Ֆրանսայի, Պելժիայի, Հոլանտայի, Լիւքսեմպուրկի, Սուրբ Աթոռի, Մոնաքոյի, Անտորրայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի, Եւրոպական Միութեան, Հիւսիսատլանտեան դաշինքին մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնները՝ Վիգէն Չիտէճեան հմուտ դիւանագէտն ու վաստակաշատ դեսպանը իր արժէքաւոր լուման ներդրած է եւրոպական երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման, ԵՄ-ի, միջազգային կառոյցներու մէջ Հայաստանի համագործակցութեան կայացման գործին։

Չիտէճեան իր երկարամեայ դիւանագիտական անբասիր ծառայութեան ընթացքին իւրօրինակ դպրոց էր երիտասարդ դիւանագէտներու համար, որոնց անմնացորդ կը փոխանցէր իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները, կը պատգամէր նուիրում եւ նպատակասլացութիւն։ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական կապերու եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին ունեցած նշանակալի աւանդի համար Վիգէն Չիտէճեան արժանացած էր Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետական բարձր պարգեւներու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021