ՀՐԱՏԱՊ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քա­րի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շօ­շափուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան խնդիր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, թէ Ա­քար եւ Տան­ֆորտ կանգ ա­ռած են ՓԵՏ-ԵՓԿ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը Մեմ­պի­չէն դուրս բե­րե­լու խնդրին եւ Ռաք­քա­յի վեր­ջին կա­ցու­թեան վրայ։ Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ալ մաս կազ­մե­ցին եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան զի­ն-ւոր­նե­րու հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գին։ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի կող­մէ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ծա­ւալուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս դա­ւա­նա­կան բնոյ­թով բա­խում­նե­րու ծագ­ման վտան­գը նոյն­պէս ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան Ա­քար-Տան­ֆորտ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ։ Ա­նոնք հեր­թա­կան ան­գամ ընդգ­ծե­ցին, որ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է պահ­պան-ւի, իսկ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը յա­ռաջ պէտք է տարուի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։

Մինչ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին մատ­նան­շուե­ցաւ, որ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան օ­դէն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Տե­ղա­հա­նեալ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յիս սկսած է վե­րա­դառ­նալ դէ­պի Ճե­րապ­լուս ու միւս բնա­կե­լի շրջան­նե­րը, ինչ որ կը նպաս­տէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման։

Ա­քար եւ Տան­ֆորտ խօ­սե­ցան նաեւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հա­մար նա­խա­տե­սուած կարգ մը խնդիր­նե­րու շուրջ։ Էլ-Պա­պի եւ Ռաք­քա­յի պա­րա­գա­յին ա­նոնք կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան՝ միաս­նա­կան պայ­քար մղե­լու հա­մար Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ։ Թրքա­կան կող­մը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ նաեւ իր զգայ­նու­թիւն­նե­րը Թել Ա­ւի­ւի եւ Շին­ճա­րի շուրջ՝ ընդգ­ծե­լով, որ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հե­տե­ւի հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ առ­կայ ան­հանգստու­թիւ­նը՝ ՖԵ­ԹԷՕ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ԱՄՆ-ի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան այն օ­րուան, երբ Սու­րիոյ Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ժե­րը ձեռ­նար­կե­ցին Ռաք­քա­յի գոր­ծո­ղու­թեան։ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր ող­ջու­նեց այդ ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Թուր­քիա-Ի­րաք սահ­մա­նին վրայ կա­տա­րուած կու­տա­կում­նե­րուն շուրջ։ Ան մատ­նան­շեց, որ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը պատ­րաստ վի­ճա­կի մէջ կը սպա­սեն սահ­մա­նին վրայ։ Ըստ ի­րեն, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րով ժո­ղովր­դագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը ա­նըն­դու­նե­լի է Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ։ Այդ տա­րած­քաշր­ջա­նէն Թուր­քիոյ դէմ ուղ­ղուե­լիք ո­րե­ւէ վտան­գի պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է պատ­րաս­տու­թիւն տե­սած ըլ­լալ՝ ա­րա­գօ­րէն չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար զայն։ «Ներ­կայ կու­տա­կում­նե­րը չեն նշա­նա­կեր, որ ան­պայ­ման ուժ պի­տի գոր­ծադ­րուի։ Մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է մին­չեւ վերջ օգ­տա­գոր­ծել դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը», ը­սաւ Ֆիքրի Ը­շըք։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016