ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ձեռնարկեց դէպի Իսրայէլ պաշտօնական այցելութեան ծրագրի գործադրութեան։ Իսրայէլի Վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Պենիամին Նեթանիյահուի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը, որու առաջին օրը Նալպանտեան տեսակցեցաւ Իսրայէլի Քնեսեթի փոխ-նախագահ Թալի Փլոսքովի հետ։ Հարկ է նշել, որ Թալի Փլոսքով կը գլխաւորէ Իսրայէլ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը։ Ողջունելով նախարար Նալպանտեանը՝ Թալի Փլոսքով ջերմօրէն վերյիշեց Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին նախարարին հետ ունեցած բովանդակալից հանդիպումները։

Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց միջխորհրդարանական կապերու յետագայ ընդլայնման կարեւորութիւնը՝ այս ամբողջին մէջ արժեւորելով երկու երկիրներու խորհրդարաններէն ներս գործող բարեկամական խումբերու համագործակցութիւնը, «Հայաստան-Իսրայէլ» հասարակական ֆորումի գործունէութիւնը։ Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան, մշակութային շփումներու աշխուժացման, զբօսաշրջութեան խթանման վերաբերեալ շարք մը հարցերու։ Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-հրէական պատմական առընչութիւններուն, Իսրայէլի հայ համայնքի եւ Հայաստանի հրեայ համայնքի գործունէութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Թալի Փլոսքով կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ։

Միւս կողմէ, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ երեկոյեան այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան սաղիմահայութեան խնդիրները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017