ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչեւ 10 Նոյեմբեր պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնք կը զուգադիպին Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու մէջ վերիվայրումներով ծանրաբեռնուած ժամանակաշրջանի մը։ Եըլտըրըմի այցելութեան ընդառաջ, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի միջեւ։

Վարչապետ Եըլտըրըմի ԱՄՆ այցելութեան ծրագիրը ունի երկու հանգրուան։ Առաջին փուլին Ուաշինկթընի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ կը տեսակցի ամերիկեան ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորագոյն հանդիպումը նախատեսուած է Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, տնտեսական կապերը եւ ռազմական գետնի համագործակցութիւնը։ ԱՄՆ-ի այժմու վարչախումբի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր առաջին անգամ Թուրքիայէն վարչապետի մակարդակին վրայ այցելութիւն մը կը տրուի Ուաշինկթըն։ Այցելութեան ընթացքին վարչապետին կ՚ընկերանան Փոխ-վարչապետ Մեհմէտ Շիմշէք, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Պինալի Եըլտըրըմ եւ Մայք Փենս հանդիպման ընթացքին առաջնահերթօրէն պիտի քննարկուին նաեւ տարածքաշրջանային հիմնախնդիրները։ Այս ամբողջին մէջ նախապատուութիւն պիտի ընծայուի Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւններուն։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի առընթեր, ապաստանեալներու խնդիրները եւ երկու երկիրներու միջեւ վերջին շրջանին ծագած վիզայի հարցերն ալ պիտի գտնուին վարչապետներու ուշադրութեան կեդրոնին։ Թրքական կողմի նպատակն է՝ զանազան հարցերու շուրջ ԱՄՆ-ի հետ ծագած տարակարծութիւններու յաղթահարուիլը եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ համատեղ ջանքերու տեւականացման նպաստ բերելը։ Թրքական կողմը այս այցելութիւնը կը համարէ կարեւոր հնարաւորութիւն մը՝ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հիմնական պատգամներու փոխանցման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարածքաշրջանային ու համաշխարհային դերակատարութեան, զուգահեռաբար տնտեսական ու առեւտրական ներուժի ընդգծման տեսակէտէ։

Բացի Մայք Փենսի հետ նախատեսուած կարեւոր հանդիպումէն, թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Նիւ Եորքի մէջ վարչապետը հանդիպումներ կ՚ունենայ ներդրողներու եւ գործարարներու, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու, հասարակական գործիչներու, տեղւոյն մահմետական եւ հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ թրքական եւ այլ յարակից հաւաքականութիւններու պատասխանատուներուն հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017