ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Միջազգային CyArk կազմակերպութիւնը «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին մասնակցութեամբ սկսած է Նորավանքի եւ Արենի-1 քարանձաւի կրաֆիքական կառուցման աշխատանքներու։ «Արմէնփրէս»ի համաձայն, «Թումօ» այս մասին հաղորդագրութեամբ մը կը գրէ հետեւեալը.

Այս յուշարձանները ներառուած են CyArk-ի «Աշխարհի յուշարձաններու պահպանութեան ու կրթութեան թուային արխիւ»ին մէջ, որ կ՚ընդգրկէ համաշխարհային ժառանգութեան ամենաարժէքաւոր յուշարձանները։ Նախաձեռնութիւնը կ՚իրականացուի «Իմ Հայաստան» ծրագրի շրջանակներէն ներս։

Յուշարձաններու թուային պահպանման նախաձեռնութեան շրջանակներներէն ներս Երեւանի «Թումօ»ին մէջ տեղի ունեցած է քառօրեայ դասընթացք, որու ընթացքին ծրագրի մասնակից տեղացի ճարտարապետները եւ թումոցիներ՝ CyArk միջազգային կազմակերպութեան մասնագէտներ Սքոթ Լիի ու Քրիստոֆըր Տանքի ղեկավարութեամբ իւրացուցին 3D լուսապանճէնաւորման մէջ օգտագործուող սարքերու կիրառման հմտութիւնները։ Այնուհետեւ խումբերու բաժնուած մասնակիցները մեկնեցան Նորավանք եւ Արենի՝ տեղւոյն վրայ աշխատանք կատարելու համար։

Թուայնացման գործընթացը կը ներառէ երեք փուլ՝

1.- Անօդաչու սարքով նկարահանում, որու նպատակն է կրաֆիքօրէն պատկերել պատմական յուշարձանի դիրքը տեղւոյն վրայ։ 2.- 3D լուսապատճէնաւորում, որ աշխատանք է լազերային յատուկ LiDAR սարքով։ Ան լուսային միլիոնաւոր իմպուլսներ (շարժման քանակ) կ՚ուղարկէ տարածքի իւրաքանչիւր կէտին ու պատասխան իմպուլսով կը ճշգրտէ կէտի ամբողջ լրատուութիւնը։ Այսպէսով՝ կը ստացուի միլիմեթրերու ճշգրտութեամբ պատկեր։ 3.- Տեսարաններու միջոցով մարդկային տեսողութեան վառ տպաւորութեան ապահովում։ Այս թեքնիկի շնորհիւ տարածքը կը հաստատէ 360 աստիճանով՝ որ համադրուելով 3D լուսապատճէնաւորման արդիւնքներու հետ կը ստանայ բացառապէս իրական պատկերը՝ թուային 3D կրաֆիքական ձեւը։

CyArk-ի մասնագէտ Քրիստոֆըր Տանք կը նշէ. «Հայաստանը հարուստ է բազմաթիւ հիանալի պատմական յուշարձաններով ու մշակութային ժառանգութեամբ, որոնց, գուցէ, միջազգային զբօսաշրջութիւնը բաւարար ուշադրութիւն չի դարձներ։ Ծրագիրը կ՚օգնէ համաշխարհային ճանաչում բերել անոնց՝ միաժամանակ ապահովելով յուշարձաններու թուային պահպանումը»։

Թուայնացման շնորհիւ պատմական շինութիւններու ամբողջական մանրամասն պատկերը կը ճշգրտուի ու կը պահպանուի, ինչպէս նաեւ կը դառնայ նիւթ անշօշափելի իրականութեան միջոցով պատմական տարածքներու ուսումնասիրութեան հարթակի համար՝ յուշարձանները հասանելի դարձնելով աշխարհի որեւէ կէտին վրայ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017