ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը տեղեկացուց, որ 3 հոկտեմբեր թուակիր նամակի մը միջոցաւ վերահասու եղած է, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հովանիին տակ գործող Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութիւնը որոշած է՝ 900 հազար տոլար արժողութեամբ յատկացում մը կատարել համալսարանին։ Այս գումարը նախատեսուած է՝ իրականացնելու համար համալսարանի ընկերային գործարարութեան «Նաճարեան» կեդրոնը ամբողջանցնելու ծրագիրը։

Գումարը պիտի տրամադրուի Ճորճ եւ Քերըլայն Նաճարաններու կողմէ համալսարանին նուիրուած երկու շէնքերէն մէկուն նորոգութեան ու արդիականացման եւ այդ մէկը նշեալ կեդրոնին վերածելու նպատակով։

Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութիւնը նախապէս 999 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած էր՝ Նաճարեաններու նուիրած շէնքերէն առաջինը նորոգելու եւ զայն ուսանողական գիշերօթիկի մը վերածելու համար։ «Նաճարեան» կեդրոնին նպատակն է՝ Հայաստանի մէջ ընկերային բարեփոխումներ քաջալերել, կրթական եւ ստեղծագործական շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն։

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, համալսարանի նախագահ Տքթ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեան այս առթիւ երախտագիտութիւն յայտնեց «Նաճարեան» կեդրոնի ծրագիրը ամբողջացնելու համար Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան կողմէ կատարուած յատկանշական աջակցութեան բերումով, ինչ որ պիտի նպաստէ երկրին՝ «ընկերային հարցերը լուծողներու ապագայ սերունդի կերտումին»։

Իր կարգին, համալսարանի փոխ-նախագահի օգնական Անահիտ Օրդեանն ալ կը նշէ, թէ այս նոր աջակցութեամբ, Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան կողմէ համալսարանին կատարուած նուիրատուութեան գումարը կը հասնի ընդհանուր առմամբ շուրջ 14 միլիոն տոլարի։

Ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչները՝ Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան հետ կապերը սերտ պահելու նպատակով անցեալ ամիս մասնակցած էին Ուաշիկթընի մէջ կազմակերպուած այդ կառոյցի տարեկան խորհրդաժողովին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018