Հայաստանի Մէջ Սուրիահայ ԿանաՆՑ աշխատանք

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի հա­յաս­տա­նեան մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան Կլոր սե­ղան հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րէն ան­մասն չեն մնա­ցած նաեւ սու­րիա­հա­յե­րը: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Կա­րի­նէ Պաղ­տա­սա­րեան, ի­րա­կա­նա­ցուած է «Հա­յաս­տա­նի մէջ փախս­տա­կան սու­րիա­հա­յե­րու կեն­սա­պայ­ման­նե­րու բա­րե­լա­ւում» ծրա­գի­րը, ո­րուն նպա­տակն է նպաս­տել Սու­րիա­յէն փախս­տա­կան ա­մե­նա­կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մին եւ հա­մար­կու­մին Հա­յաս­տա­նի մէջ:

2015 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 1-էն մին­չեւ 2016 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 31-ը տե­ւած ծրագ­րի ըն­թաց­քին 50 սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած է սոր­վե­լու վար­սա­յար­դա­րում, գե­ղա­յար­դա­րում եւ մատ­նա­յար­դա­րում, խո­հա­րա­րու­թիւն եւ սե­ղա­նի ձե­ւա­ւո­րում, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­գուս­տի ձե­ւա­ւո­րում: «Մեր նպա­տակն էր ո­րո­շա­կի հմտու­թիւն­ներ սոր­վեց­նել յատ­կա­պէս կի­նե­րուն` հա­շուի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ Սու­րիոյ մէջ ըն­դու­նուած չէ, որ կի­նե­րը աշ­խա­տին: Այս­պէս ո­րոշ չա­փով կ՚ա­պա­հո­վեն ի­րենց օ­րա­պա­հի­կը»,- ը­սած է Կա­րի­նէ Պաղ­տա­սա­րեան` ա­ւելց­նե­լով, որ «Մայք­րո­սոֆթ»ի հա­յաս­տա­նեան գրա­սե­նեա­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ 21 սու­րիա­հայ  ե­րի­տա­սարդ ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստա­ցաւ ու­սա­նե­լու մաս­նա­գի­տա­կան ծրագ­րա­ւո­րում: Ա­նոնց­մէ 12-ը ար­դէն հիմ­նա­կան աշ­խա­տանք ու­նի:

Կա­րի­նէ Պաղ­տա­սա­րեան ա­ռանձ­նա­ցուց յատ­կա­պէս սնուն­դի բաշխ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ Կլոր սե­ղա­նի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րու կող­մէ ճանչ­ցուե­ցաւ որ­պէս նո­րա­րա­կան մօ­տե­ցում մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ: Այդ մա­սին նոյ­նիսկ ֆիլմ նկա­րա­հա­նուած է: «Մենք ո­րո­շե­ցինք սու­րիա­հա­յե­րուն սնուն­դը բաշ­խել նո­րա­րա­րա­կան, ա­ւե­լի ճիշդ, ար­ժա­նա­պա­տիւ ձե­ւով: Պա­րէ­նա­յին ցան­ցե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով մենք ա­նոնց տրա­մադ­րե­ցինք քար­տեր, ո­րոնց­մով մար­դիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստա­ցան ի­րենք ընտ­րե­լու անհ­րա­ժեշտ սննդամ­թեր­քը, ի հար­կէ բա­ցա­ռու­թեամբ ալ­քո­լի եւ ծխա­խո­տի», ա­ւել­ցու­ցած է Կա­րի­նէ Պաղ­տա­սա­րեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016