ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՓՈՒԼԸ

Եւ եկաւ հասաւ ընտրութեան օրը։ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի եզրափակիչ փուլին բախտորոշ կէտը կը սահմանէ ներկայ շաբաթավերջը։ Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալի ընտրութեան համար տասներկու տարի սպասելէ վերջ թրքահայութիւնը ի վերջոյ կը փութայ քուէատուփի մօտ։ Սա մեր պատմութեան անկիւնադարձային հանգրուաններէն մին կը համարուի։ Նոր պատրիարքը ալեկոծեալ տասնամեակէ մը վերջ կ՚ընտրուի եւ արդէն իրեն պիտի վիճակի մեր համայնքէն ներս միասնականութիւնը վերականգնելու անյետաձգելի հրամայականի յաղթահարումով։ Այս ժամանակաշրջանը ունեցած է  իսկապէս ծանր հետեւանքներ եւ այդ վէրքերու սպիացումը նոր պատրիարքի թիւ մէկ գործը պիտի ըլլայ՝ որպէս հոգեւոր հայր, որ իր սէրը պիտի տարածէ եւ իր օրհնութիւնը պիտի բաժնէ այս համայնքի բոլոր անդամներուն վրայ անխտիր։

Ինչպէս ծանօթ է, պատրիարքի անխուսափելի թեկնածուներն են Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը արդէն զանոնք դարձուցած է անայլընտրանք եւ վաղը մեր ժողովուրդը նախընտրութիւն մը պիտի ընէ այս երկու սրբազաններուն միջեւ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին սատարող պատգամաւորի թեկնածուները մեր համայնքին կը ներկայանան մանիշակագոյն ցուցակներով, իսկ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին սատարող պատգամաւորի թեկնածուները՝ նարնջագոյն ցուցակներով։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու թեկնածուներն ալ իրենց համախոհներուն հետ ընտրութենէն առաջ բոլորեցին աշխոյժ շրջան մը։

Վաղը մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան համար։ Վերջին պահուն կատարուած կարգադրութիւնով մը, ընտրողի բացակայութեան հետեւանքով քուէատուփ պիտի չզետեղուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէսով ո՛չ թէ 103, այլ՝ 102 աշխարհական պատգամաւոր պիտի ընտրուի ժողովուրդին կողմէ։ Գործընթացի սկիզբին ընդհանուր առմամբ 120 պատգամաւորով պատրիարքի ընտրութեան կատարումը նախատեսուած էր, այդ թիւն ալ այսպէսով իջած պիտի ըլլայ 119-ի։

Այդ 102 պատգամաւորներուն վրայ պիտի աւելնան 17 հոգեւորական պատգամաւորներ։ Երէկ, Պատրիարքարանի մէջ գումար-ւեցաւ Կրօնական ժողովը՝ հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութեան օրակարգով։ Այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եկեղեցական համագումար, որ կ՚ընտրէ հոգեւորական պատգամաւորները։ Եկեղեցականաց համագումարէն առաջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Ըստ մեր աւանդութիւններուն, աշխարհական եւ հոգեւորական անդամներէ բաղկացեալ Ազգային Պատգամաւորական ժողովը յաջորդ չորեքշաբթի գումարուելով պիտի ընտրէ Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալը։

Վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ կազմակերպչական աշխատանքներ յառաջ տարուած են Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի կը համարուի ընտրաշրջան մը եւ այնտեղ կը գործեն տեղական ընտրական մարմին մը, թեկնածուներու կողմէ դիտորդներ եւ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ դիտորդներ։ Արդէն առաւօտեան 08.00-էն սկսեալ մեր համայնքի անդամները պիտի կարողանան քուէարկել։ Ժամը 17.00-ին քուէարկութիւնը պիտի հասնի իր աւարտին եւ պիտի սկսի քուէահամարը։ Բոլոր անոնք, որոնք պիտի փութան քուէարկելու, պէտք է անպայման ունենան իրենց անձնագիրը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019