ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ։ Սա փոխ-վարչապետներու կողմէ գլխաւորուած՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան աշխատանքային խումբի հերթական հանդիպումն էր։ Եռակողմանի աշխատանքային խումբը այսպէսով արդէն 11-րդ նիստը իրականացուց։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին Ռուսաստանի դրական դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման ուղղեալ ջանքերու գործադրման հարցին մէջ։ Երէկուան նիստին ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ, նաեւ տարածաշրջանէն ներս երկաթուղիի կառուցման, երկաթուղային հաղորդակցութեան զարգացման եւ փոխադրումներու կազմակերպման։

Կողմերը պիտի շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ։

Հայաստան եւ Ատրպէյճան երախտագիտութիւն յայտնեցին Ռուսաստանին՝ բարձր մակարդակով այս հանդիպման կազմակերպման եւ հիւրընկալութեան բերումով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022