ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Յառաջիկայ մարտի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն ընդառաջ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին։ Ինչպէս ծանօթ է, Մուսթաֆա Սարըկիւլ երեք շրջան վարած է Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնը։ Ան ներկայիս դարձեալ կը ձգտի այդ պաշտօնին վերադառնալ։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ տակաւին չէ յայտարարած Իսթանպուլի գաւառակներէն առաջադրելիք թեկնածուներուն անունները։ Այս իրավիճակին մէջ յառաջ կը քշուին նաեւ զանազան պնդումներ, ըստ որոնց ՃՀՓ Մուսթաֆա Սարըկիւլը թեկնածու ցոյց պիտի չտայ։ Հարցազրոյցին մէջ Սարըկիւլ հակազդած է սոյն պնդումներուն դէմ։ «Նման բանի մը մասին նոյնիսկ մտածել չեմ ուզեր», ըսած է ան։

Յիշեցնելով, որ անցեալ շրջանին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ՃՀՓ-ի կողմէ՝ Սարըկիւլ աւելցուցած է. «Ինծի Իսթանպուլը վստահած կուսակցութիւնս միթէ Շիշլի՞ն պիտի չվստահի։ Մրցանշային քուէներով պիտի շահիմ»։ Սարըկիւլ մատնանշած է, որ կու գայ վառելու Շիշլիի մարած լոյսը։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Մուսթաֆա Սարըկիւլ բացատրած է, որ 48 ամիսէ ի վեր շրջանի ժողովուրդին հետ մէջ մէջի կ՚ապրի։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար ալ տեսած է մեծ պատրաստութիւն։ Ան իր 600 գործակիցներուն հետ յառաջ կը տանի աշխատանքները, որոնց այժմէն ներգրաւուած են շուրջ 60 հազար շիշլիցի քաղաքացիներ։ «Կուսակցութիւն մը եթէ կը փափաքի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան մէջ յաղթել, ապա ո՛չ միայն գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնին, այլեւ՝ գաւառակներու պարագային պէտք է ամուր թեկնածուներ ունենայ», համոզուած է Սարըկիւլ։

Սարըկիւլ «Հիւրրիյէթ»ի թղթակցին պատմած է, որ ունի նոր ծրագրեր, որոնց բոլորը պիտի հրապարակուին իր թեկնածութեան յայտարարուելէն վերջ։ Ան յայտնած է, որ անցեալ ժամանակաշրջանին քիչ մը հանգչած է, պաշտօնավարութեան տարիներու թերութիւններուն վրայ աշխատանք տարած է ու պատրաստութիւն տեսած է նոր Շիշլիի մը համար։ Իր խօսքով՝ նոր Շիշլին վերստին ձգողականութեան առանցքի մը պիտի վերածուի։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Սարըկիւլ վստահութիւն յայտնած է թէ՛ ՃՀՓ-ի եւ թէ անոր կուսակցապետին՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի նկատմամբ։ Ան չի կարծեր, որ սխալ բան մը կ՚ըլլայ յառաջիկայ շրջանին։

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019