ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ԱՅՑԸ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի հետ։ Արա Այվազեան եւ Դաւիթ Պապայեան ստորագրեցին երկու Արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ 2021 թուականի համար մշակուած խորհրդակցութիւններու ծրագիրը։

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը պատճառ դարձաւ Պաքուի ղեկավարութեան բողոքին։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ նման ուղեւորութիւնները պէտք է վերջ գտնեն։ Ըստ իրեն, Հայաստանի պաշտօնատարներու Արցախ այցելութիւնները կը խոչընդոտեն յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ «Թող չմոռնան պատերազմի մասին։ Այդ ուղեւորութիւններուն պէտք է վերջ տրուի։ Կը զգուշացնենք՝ եթէ նման սադրիչ գործողութիւններու ձեռնարկուին, ապա Հայաստան ա՛լ աւելի կը զղջայ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ քայլեր կը ձեռնարկուին Ռուսաստանի միջնորդութեամբ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան կողմերուն կ՚առաջարկէ իր միջնորդական հնարաւորութիւնները։ Ռուսաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը վերջերս Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութիւններու ընթացքին քննարկած է այդ նիւթերը։ «Եթէ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին, ինչո՞ւ համար են նման սադրիչ այցելութիւնները։ Այս պատճառով բոլոր ուղեւորութիւններուն պէտք է վերջ տրուի։ Ոեւէ օտարերկրեայ քաղաքացի, որեւէ միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, բացառութեամբ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի, չեն կրնար Լեռնային Ղարաբաղ մեկնիլ առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան», ըսաւ Ալիեւ ու նշեց, որ եթէ նման ուղեւորութիւնները կրկնուին, ապա պատասխանը շատ կոշտ կ՚ըլլայ։

Ալիեւի յայտարարութիւններուն առընթեր, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ Արա Այվազեանի Արցախ կատարած այցը որակեց սադրանք եւ լարուածութիւն հրահրելու փորձ։ Նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւան ալ ապօրինի նկատեց Արա Այվազեանի այցելութիւնը եւ յայտնեց, որ այդ մէկը կը հակասէ հրադադարի համաձայնութեան։ Ըստ բանբերին, ներքին լսարանին ուղղեալ նման գործողութիւնները չեն նպաստեր տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի բնականոնացման։ Իր խօսքով՝ Երեւան պէտք է ընդունի տարածքաշրջանի փոփոխութիւնները։

Այս բոլորի լոյսին տակ երէկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Երեւան սին եւ հիմնազուրկ որակեց Պաքուի պնդումները։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ հրադադարի համաձայնութիւնը որեւէ սահմանափակում չի նախատեսեր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ կապերու առումով։ Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութեան յայտարարեց, որ հրադադարի համաձայնութիւնով ոչինչ արձանագրուած է Արցախի կարգավիճակի մասով։ Ուստի, փոփոխութիւններու վերաբերեալ Պաքուի պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ։ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի խաղաղ գործընթացի արդիւնքով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ առաջարկուած սկզբունքներու, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Աննա Նաղդալեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան խախտած է եւ կը շարունակէ խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան շարք մը առանցքային դրոյթները։ Ըստ իրեն, ցայսօր Ատրպէյճան ամբողջովին չի կատարեր հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան 8-րդ կէտը, ըստ որու, պէտք է տեղի ունենայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուած այլ անձերու փոխանակում։ Այս բոլորի հետեւանքով ազատ չեն արձակուիր հայ ռազմագերիները եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած անձերը։ Աւելի՛ն, Ատրպէյճան քրէական գործեր կը յարուցէ հայ ռազմագերիներու դէմ եւ ամենաբարձր մակարդակով զանոնք կը ներկայացնէ որպէս ահաբեկիչներ՝ փորձելով խոչընդոտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան ամբողջական կատարումը։ Ուստի, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի համաձայնութեան խախտումներու դադրեցումը անհրաժեշտ է այդ նոյն համաձայնութեան լիարժէք իրագործման համար։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջոց մը առաջ ահաբեկիչ որակած էր հայ ռազմագերիները։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան այդ յայտարարութիւնը որակած էր մարդասիրական գործընթացի եւ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան պահանջի կոպիտ խախտում։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021