ԵՄ ՀԱՍՏԱՏԵՑ MODERNA-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԸ

Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց քորոնաժահրի դէմ ամերիկեան «Moderna» կենսափորձագիտական ընկերութեան կողմէ արտադրուած պատուաստանիւթը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ընկերութեան համահիմնադիրներէն մին է ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Պատուաստանիւթը հաստատուած է Եւրոմիութեան դեղերու գործակալութեան կողմէ։ Այս վերջինը դեղամիջոցներու վերաբերեալ հարցերով ԵՄ-ի տարածքէն ներս գլխաւոր մարմինը կը համարուի։

Մինչ այդ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ համաճարակի վատագոյն ամիսները տակաւին առջեւն են։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021