ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական վերջին ընտրութեան յաջորդած իրադարձութիւնները ժողովրդավարութեան տեսակէտէ իսկական ամօթի մը վերածուեցան։ Գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ կրցած հաշտուիլ ընտրութիւններու հետեւանքով կրած պարտութեան հետ։ Շաբաթներէ ի վեր ան կը պնդէր, որ իր յաղթանակը գողցուած է, ընտրութիւններու արդիւնքը կեղծուած է։ Որքան որ ալ քուէներու չնչին համեմատութիւնով մը պարտութիւն կրած ըլլայ Թրամփ, առարկայական ճշմարտութիւնը այն է, որ Ճօ Պայտըն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։ Ուաշինկթընի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած խռովութիւնները վերածուեցան իսկական խայտառակութեան մը։ Տանըլտ Թրամփի կողմէ հրահրուած զանգուածային անկարկութիւնները պատճառ դարձան, որ իրեն համակիր ցուցարարներ ներխուժեն ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի շէնքէն ներս։ Քափիթոլիումի յարկէն ներս պատահածները, հասցուած վնասները զարմանք պատճառեցին ինչպէս ամերիկեան հասարակութեան, այնպէս ալ համայն աշխարհին։ Սա անշուշտ լուրջ հարուած մը եղաւ ԱՄՆ-ի ժողովրդավարութեան դէմ։ Միեւնոյն ժամանակ, Քափիթոլիումի նման պետական շէնքի մը այդպէս անպաշտպան մնալը անխուսափելիօրէն տկարութեան տպաւորութիւն յառաջացուց։ Այս բոլորը տեղի ունեցան, երբ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը պիտի քննարկէր վերջին քուէարկութեան արդիւնքը եւ պիտի վաւերացնէր զայն։ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի պարտաւորուեցաւ լքել իր աշխատասենեակը՝ բաց թողլով իր համակարգիչը, որմէ տեղեկութիւններու լուրջ արտահոսք մը տեղի ունեցաւ։ Քափիթոլիումէն ներս ներխուժած ցուցարարները ամերիկեան ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու հետամուտ դէմքեր էին։ Անոնք հրապարակաւ հանդէս կու գան հակասեմականութեամբ եւ գերութեան համակարգի վերահաստատման ի նպաստ։ Մարդկութեան այժմ դաւանած արժէքներուն տեսակէտէ անհանդուրժելի այդ հոսանքներու ներկայացուցիչները շարժման անցան ի նպաստ Տանըլտ Թրամփի։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ ԱՄՆ ծանր վիճակի մը մատնուեցաւ, պանանի հանրապետութեան մը տպաւորութիւնը չկրցաւ կանխել՝ մինչ արար աշխարհին ժողովրդավարութեան դաս կու տար տասնամեակներէ ի վեր։ Այս ամբողջին մէջ Տանըլտ Թրամփի մատնուած կացութիւնը արդէն երկար քննարկումներու անհրաժեշտութիւն չի ստեղծեր։ Ան քաղաքականութեան մէջ թէեւ հեռահար նպատակներ ունի եւ տեղեկացուցած է, որ քաղաքական պայքարը պիտի շարունակէ, սակայն, այդ բոլորէն անդին՝ մինչեւ իր նախագահական պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտը արդէն արգելք դրուած է անոր ընկերային ցանցերու հաշիւներու օգտագործման վրայ։ ԱՄՆ-ի նախկին անխտիր բոլոր նախագահները, Դեմոկրատական կամ Հանրապետական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արդէն այս բոլորին դէմ հանդէս եկած են։ Կարգ մը քոնկրէսականներ նոյնիսկ օրակարգի վրայ կը բերեն Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկումը։

Այս ամբողջ զգայացունց իրադարձութիւններով պայմանաւորուած համայնապատկերին վրայ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ դրական միակ հանգամանք մը կայ։ Արդարեւ, աննախընթաց ու բռնի բոլոր դէպքերով հանդերձ, ամերիկեան համակարգը մնացած է անդրդուելի։ Այդ համակարգը լիարժէք բանած է՝ անկախ կուսակցական հանգամանքներէ եւ իշխանական ուժերու կատարեալ տարանջատումին շնորհիւ արդէն տագնապը կասեցուած է առանց խորանալու եւ երկրին առանց աւելի մեծ վնաս հասցնելու։ Քափիթոլիումի տխուր իրադարձութիւններէն վերջ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը յատուկ նիստը շարունակեց՝ երկրի փոխ-նախագահ Մայք Փենսի գլխաւորութեամբ։ Այս վերջինը Թրամփի նախագահութեան տարիներուն թէեւ անոր անմիջական լծակիցներէն մին էր, սակայն, ճակատագրական այս փուլին դրսեւորեց անաչառութիւն։ Փենս արդէն վերջին շրջանին տարակարծութիւններ ունէր Թրամփի հետ։ Քոնկրէսի վերջին նիստը այդ տարակարծութիւնները այնպիսի կէտի մը հասցուց, որ Թրամփ արգիլեց Մայք Փենսի աշխատակազմի ղեկավարին Սպիտակ տուն մուտքը։ Հուսկ, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը հաստատեց նախագահական ընտրութեան արդիւնքով Ճօ Պայտընի կողմէ տարուած յաղթանակը։ Քափիթոլիումի շէնքէն ներս տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետեւանքով Ուաշինկթընի մէջ թէեւ արտակարգ դրութիւն հաստատուած է, սակայն, Քոնկրէսը արդէն ամերիկեան ժողովուրդին կողմէ արտայայտուած կամքը կեանքի կոչեց։ Պայտըն ստացաւ Քոնկրէսի կողմէ հաստատուած քուէաթերթիկներու աւելի քան 270 ձայն։ Քոնկրէսէ ներս ընտրիչներու ձայներու հաստատումը կը բացառէ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը վիճարկելու համար սահմանադրական հնարաւորութիւնները։ Ճօ Պայտընի յաղթանակի պաշտօնական հաստատման զուգահեռ Տանըլտ Թրամփն ալ խոստացաւ իշխանութիւնը փոխանցել խաղաղ ձեւով։ Օրինական իշխանափոխութեան զուգահեռ ան յայտարարեց, որ իր այդ որոշումը կը նշանակէ ԱՄՆ-ի մէջ նախագահութեան պատմութեան մեծագոյն առաջին ժամկէտի աւարտը։ «Հակառակ, որ ես միանգամայն համաձայն չեմ ընտրութիւններու արդիւնքին հետ եւ փաստերը կը հաստատեն այս բանը, այնուամենայնիւ, յունուարի 20-ին տեղի կ՚ունենայ իշխանութեան խաղաղ փոխանցում։ Ես միշտ ըսած եմ, որ մենք միշտ պիտի շարունակենք պայքարը, որպէսզի հասնինք միայն օրինական ձայներու հաշուարկին։ Թէեւ սա նախագահական պատմութեան մեծագոյն առաջին ժամկէտի աւարտն է, սակայն իրականութեան մէջ Ամերիկան կրկին հզօր դարձնելու համար մեր պայքարի սկիզբն է», նշեց Տանըլտ Թրամփ։

Ուաշինկթընի մէջ 20 յունուարին տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ-ի 46-րդ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսի երդման արարողութիւնը։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021