ՏԱՐԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան գործադրութիւնը կ՚ուղղորդուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարաձայնութիւններով։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տարբեր առաջնահերթութիւններով կ՚ընկալեն այդ համաձայնութիւնը։ Սոյն երեւոյթը վերջին օրերուն Երեւանէն եւ Պաքուէն կատարուած յայտարարութիւններով ալ աւելի բիւրեղացաւ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Նախիջեւանի միջանցքին կապակցութեամբ եւ յայտնեց, որ այդ մէկը անպայման իրականութիւն կը դառնայ։ Այս յայտարարութիւններուն ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս վերջինը հրադադարի համաձայնութեան ապագայ գործադրութեան հայկական կողմի առաջնահերթութիւնները թուարկեց զանազան կէտերով։ Այսպէս, Փաշինեան յայտնեց հետեւեալը.

«1- Լիարժէք իրագործում յայտարարութեան 8-րդ կէտի. ըստ այդմ պէտք է տեղի ունենայ գերիներու, պատանդներու եւ պահուած այլ անձերու, ինչպէս նաեւ մարմիններու լիարժէք փոխանակում։ Մեզի համար կարեւոր է նաեւ ռազմական գործողութիւններու գօտիէն ներս ծաւալուն որոնողափրկա-րարական աշխատանքներու իրագործումը։

«2- Տարածքաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակում, ինչ որ կը նշանակէ ինչպէս Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքով բեռնափոխադրումներ եւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւն դէպի Ռուսաստան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, այնպէս ալ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքով բեռնափոխադրումներ եւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւն դէպի Նախիջեւան։

«Կրկին ուշադրութիւն կը հրաւիրեմ այն փաստին վրայ, թէ 10 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ չկայ ո՛չ «Մեղրի», ո՛չ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածքի առընչութեամբ «միջանցք» արտայայտութիւնը։

«Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան եւ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան հաղորդակցութեան երթուղիներու ընտրութիւնը առանձին քննարկման նիւթ մըն է, որու արդիւնաւէտութեան կարեւոր պայման է գերիներու, պատանդներու, պահուած այլ անձերու, զոհերու մարմիններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ կորսուածներու որոնման աշխատանքներու ծաւալներու եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը»։

Նիկոլ Փաշինեանի այս օրուան գրառումէն առաջ, երէկ ալ իր բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան նոյն նիւթին կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Վարչապետի բանբերը Ալիեւի յայտարարութեան անդրադառնալով նը-շեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Փաշինեան քանիցս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, թէ նոյեմբերի 10-ի յայտարարութեան մէջ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապող միջանցքի մասին խօսք չկայ։ Յայտարարութեան 9-րդ կէտը տարածքաշրջանի փոխադրութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման մասին է եւ այս ամբողջին մէջ նաեւ Ատրպէյճանի արեւելեան մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրութեան կապ հաստատելու մասին։ Հայաստան, ի հարկէ, հետաքրքրուած է Ատրպէյճանի տարածքով հայկական բեռներու Ռուսաստան եւ Իրան եւ հակառակ ուղղութեամբ տեղափոխման հնարաւորութիւնով։ Հետաքրքրուած ենք դէպի Ռուսաստան հայկական բեռներու ցամաքուղիով եւ երկաթուղիով փոխադրութեան միջոցաւ տեղափոխման հնարաւորութեամբ, իսկ դէպի Իրան՝ յատկապէս երկաթուղային փոխադրումներով։ Այս համատեսքին մէջ, բնականաբար, Հայաստան պատրաստ է ապահովել հաղորդակցութիւն Ատրպէյճանի արեւելեան մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ։

«Այնուամենայնիւ, այս հարցերու ամբողջական քննարկումը դժուար կ՚ըլլայ առանց լիարժէք իրագործման նոյեմբերի 10-ի համատեղ յայտարարութեան 8-րդ կէտի, որով կը նախատեսուի գերիներու, պատանդներու, այլ պահուած անձերու, զոհերու մարմիններու փոխանակում։ Հայկական կողմը չափազանց կարեւոր կը համարէ նաեւ ռազմական գործողութիւններու գօտիէն ներս որոնողափրկարարական աշխատանքներու ծաւալներու ընդլայնումը։ Այս նիւթով Ատրպէյճանէն հնչած վերջին շրջանի յայտարարութիւնները տարակուսանքի տեղի կու տան եւ կասկածի տակ կը դնեն նոյեմբերի 10-ի յայտարարութեան պայմանները կեանքի կոչելու Պաքուի յանձնառութիւնը։ Մինչեւ հիմա Պաքուի մէջ պահուած հայ գերիներ կան, բազմաթիւ են վկայութիւնները անոնց դէմ դաժան եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի ցուցաբերման մասին։ Կան վկայութիւններ գերիները մահապատիժի ենթարկելու փաստերու վերաբերեալ եւ այս բոլոր վկայութիւնները պէտք է մանրամասն քննութեան արժանանան՝ ներառեալ միջազգային ատեաններէ ներս։

«Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճան կը շարունակէ վերջին տասնամեակին ծաւալուած հայատեաց քարոզչութիւնը։ Տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է վերջ դնել սադրիչ գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն»։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021