ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին՝ հայ ժողովուրդի համար ծանր օրերուն իր կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար։ Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգին եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Նոյն զրոյցի կապակցութեամբ Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Այսպէս, մատնանշուեցաւ, որ Փարիզ կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման։ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնած է 9 նոյեմբերի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութենէն վերջ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու իր վճռակամութիւնը։ Ան տեղեկացուցած է բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղեալ ջանքերուն աջակցելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման նպաստելու համար իր պատրաստակամութիւնը։

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԹՌԻՉՔ

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Ֆրանսա մարդասիրական օժանդակութեան մեծ շարժում մը կ՚իրականացնէ Հայաստանի ի նպաստ։ Այս ամբողջին մէջ վերջին օրերուն հերթական թռիչքը կազմակերպուած է դէպի Երեւան։ Հայաստանի ի նպաստ կազմակերպուած մարդասիրական օժանդակութեան 5-րդ օդանաւն էր այդ մէկը։ Այս գործընթացին մէջ առանցքային դեր կ՚իրականացնէ «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որ վերջին թռիչքին զուգահեռ շնորհակալութիւն յայտնեց մարդասիրական օժանդակութեան ներգրաւուած բոլոր կազմակերպութիւններուն, կողմերուն եւ անհատներուն, որոնք մասնակցած են հաւաքագրման եւ փոխադրութեան աշխատանքներուն։

Թռիչքը իրականացնող յատուկ օդանաւի յատկացումը Եուրի եւ Տենի Ճորքայեւներու կողմէ կատարուած նախաձեռնութեան շնորհիւ կը կատարուին։ Իսկ յատուկ թռիչքը դարձեալ կազմակերպուած է Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ։ Այս վերջին թռիչքի ուղեւորներու շարքին դարձեալ գտնուած է Եուրի Ճորքայեւ, որ Հայաստան մեկնած է խումբ մը ֆրանսացի բժիշկներու հետ, շարունակելու համար մարդասիրական առաքելութիւնը եւ աջակցելու համար Արցախի պատերազմէն տուժածներուն։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021