ԱՒԱԳԱՆԻԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Պատրիարքական ընտրութեան փակուղին արդէն նոր փուլ մը թեւակոխած է Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ նախընթաց օր Գումգաբու հասած պաշտօնագրով։ Երէկ, այդ նամակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու տեսակցեցաւ մեր համայնքի աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, կէսօրուան ժամերուն Չրաղանի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը։ Ճաշասեղանի շուրջ նախարարը տեսակցեցաւ մեր համայնքի 17 աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան շուրջ երկուքուկէս ժամ յատկացուց այս հանդիպման համար, որ անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Նախարարը ճաշկերոյթի սկիզբին մի առ մի ձեռնուեցաւ մեր ազգայիններուն հետ։ Պալեանակերտ պալատի յարկէն ներս, Վոսփորի գեղատեսիլ մթնոլորտին մէջ քննարկուեցան մեր համայնքի առկայ ճակատագրական հարցերը։ Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողքին էին Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին, Անվտանգութեան տնօրէն Մուսթաֆա Չալըշքան, կուսակալութենէն՝ քաղաքներու ղեկավարման ընդհանուր տնօրէն Իլքէր Կիւնտիւզէօզ, ոստիկան զօրաց հրամանատար զօրավար Նուհ Քէօրօղլու եւ այլ բարձրաստիճան դիւանակալներ։ Ի յիշատակ այս հանդիպման՝ նախարարի բոլոր սեղանակիցներուն համար պատրաստուած էին յուշանուէրներ։

Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ հանդիպման մասնակցեցան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, յայտնի համայնքային գործիչ Մելքոն Քարաքէօսէ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, մեր ծանօթ ազգայիններէն Ճեզօ Թաշ, բարերար Հայկ Ասլանեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեւցոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իրմա Փոլատ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, ինչպէս նաեւ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ։

Դռնփակ աշխատանքային ճաշկերոյթի սկիզբին համայնքային մամուլի ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան նկարահանում կատարելու։ Երկարատեւ խորհրդակցութեան աւարտին ալ նախարարը մի առ մի ձեռնուելով հրաժեշտ տուաւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ նկարահանումէ վերջ մեկնեցաւ։ Սիւլէյման Սոյլուի մեկնումէն վերջ հանդիպման մասնակից մեր ազգայիններուն կարեւոր մեծամասնութիւնը վերադարձաւ զրոյցի տեղի ունեցած սրահը եւ այնտեղ լուսաբանութիւններ փոխանցուեցան մեր մամուլի ներկայացուցիչներուն։ Առաւել չափով խօսակցութիւններու մանրամասնութիւններուն շուրջ լուսաբանութիւններ տուին Պետրոս Շիրինօղլու, Մելքոն Քարաքէօսէ, Վազգէն Պարըն եւ Յարութիւն Շանլը։ Ընդհանուր առմամբ, նախարար Սիւլէյման Սոյլու մեր ազգայիններուն հետ զրուցելու ընթացքին փոխանցած է պետական աւագանիի պատգամները ու վերահաստատած՝ Պատրիարքարան հասած պաշտօնական գրութեան բովանդակութիւնը, ներկայացուցած տրամադրութիւնները։ Մեր ազգայինները ընդգծած են համայնքէն ներս հասունցած ակնկալութիւնները, ըստ որոնց Պատրիարքական Աթոռը անյապաղ ձեւով պէտք է օժտուի նոր գահակալով մը եւ այս ուղղութեամբ այլեւս անհրաժեշտ է ձեռնարկել ընտրութեան։ Սիւլէյման Սոյլու եւ հաւաքոյթի ներկայ պաշտօնատարները ուշադրութեամբ նոթագրած են մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ փոխանցուած տեսակէտներն ու ակնկալութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրին մէջ ընդգծուած է, որ Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի վախճանման պարագային հնարաւոր պիտի դառնայ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկել աւանդական ձեւով։ Պաշտօնագրի տրամադրութիւններուն ի շարունակութիւն՝ նախարար Սիւլէյման Սոյլուն ալ զրոյցի ընթացքին մեր ազգայիններուն խորհուրդ տուած է պատրիարքական ընտրութեան պարագային չշեղիլ աւանդական ճանապարհէն ու խոր նախընթացներէն, որոնցմով ամրագրուած են մեր համայնքի իրաւունքները։

Փոխադարձ հասկացութեան մթնոլորտին մէջ ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկած են նաեւ՝ մեր համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու երկար ժամանակէ ի վեր առկախուած ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրները։ Այս նիւթը թէեւ քննարկուած է, սակայն երէկուան հանդիպման ընթացքին հիմնական շեշտը դրուած է պատրիարքական ընտրութեան առկայ թնճուկին վրայ։

Ընդհանուր առմամբ, նախարար Սոյլուի հետ երէկուան հանդիպման ընթացքին անակնկալներ չեն ապրուած, անկանխատեսելի հանգամանքներ չեն յառաջացած։ Ինչպէս արդէն մեր ազգայինները կ՚ենթադրէին, նախարարը հանդիպման ընթացքին վերահաստատած է կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագրին բովանդակութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, երէկուան հանդիպումը պատկան իշխանութիւններուն կողմէ մեր համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան, դրական վերաբերմունքի արտայայտութիւնն էր։ Արդարեւ, կառավարութեան անդամներէն մին ուղղակի իրազեկեց պետութեան տրամադրութիւններուն շուրջ մեր համայնքի շարք մը ազդու դէմքերը, որոնք կարելիութիւն ունեցան իրմէ ուղղակի տեղեկութիւններ քաղելու եւ իրենց մօտեցումները յանձնելու անոր նկատառման։ Այս առումով երէկուան հաւաքոյթը գնահատուեցաւ որպէս արժէքաւոր առիթ, մանաւանդ՝ որ նախարար Սոյլու պատրաստակամ ու ջերմ ձեւով զրուցած է համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ, ցուցաբերած է անմիջականութիւն, ինչ որ դրական տպաւորութիւն գործած է մեր ազգայիններուն վրայ։

Միւս կողմէ, տեղական մամուլէն կարգ մը թերթեր ալ արձագանգած են կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրին։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018