ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Սա պատմականօրէն աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է։ Արդարեւ, առաջին անգամ Յորդանանէն թագաւորական մակարդակի վրայ պաշտօնական այցելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ դէպի Հայաստան։ Ապտուլլահ Բ. թագաւորի այցելութիւնը պիտի սկսի այս երկուշաբթի, փետրուարի 10-ին։ Ան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ իսլամական աշխարհէ ներս՝ ըլլալով Հաշիմեան արքունիքի ներկայացուցիչը, Մուհամմէտ մարգարէին յաջորդած 41-րդ սերունդի դէմքը։ Ապտուլլահ Բ. գահ բարձրացած է 7 փետրուար 1999 թուականին։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յորդանանի թագաւորին հետ հանդիպում մը ունեցած էր անցեալ տարի ապրիլին՝ դէպի Ամման աշխատանքային այցելութեան ժամանակ։ Ան թագաւորը հրաւիրած էր այցելել Հայաստան։

Ըստ նախատեսուած ծրագրին, Արմէն Սարգսեան նախագահական ապարանքէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով կը դիմաւորէ Յորդանանի թագաւորը։ Աւելի վերջ տեղի կ՚ունենայ Արմէն Սարգսեանի եւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հանդիպումը։ Անոնք հանդէս կու գան նաեւ «Կրօն եւ հանդուրժողականութիւն» նիւթով ելոյթով մը։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Ապտուլլահ Բ. թագաւորը կը տեսակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ան կը հիւրընկալուի նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորը կեցութեան ընթացքին յարգանքի այցելութիւն մըն ալ կու տայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020