ԱՌԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐՈՎ ԼԻ ԱՇԽԱՐՀԸ

Երկիր մոլորակը աներեւակայելիօրէն մեծ է եւ առեղծուածներով լի։ Չկայ օր մը, որ աշխարհի մասին նոր փաստ մը չյայտնուի եւ զարմանալի իրադարձութիւնները չեն պակսիր երբեք։ Ահաւասիկ՝ երկրի մասին զարմանալի քանի մը փաստ։

- Աշխարհի վրայ ամէն օր շուրջ 8 միլիոն 600 հազար կայծակ կը փայլատակէ։ Անոնց մեծ մասը տեղի կ՚ունենայ ովկիանոսներու վրայ։

- Ամէն օր կը ծնի աւելի քան 200 հազար երախայ։

- Աւստրալիա ցամաքամասը ամէն տարի 7 սանթիմեթր դէպի հիւսիս կը սահի։

- Երկրի առաջին բնակիչները յայտնաբերուած են Աւստրալիոյ մէջ։ Կ՚ենթադրուի, որ անոնք 3.5 միլիառ տարի առաջ գոյութիւն ունէին եւ այդ ժամանակ մթնոլորտի մէջ թթուածին չկար։

- Երկրի միջուկը 5500 սանթիկրատ աստիճան է։ Այս ջերմաստիճանը արեգակի մակերեսի հետ նոյնն է։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024