ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐ

Յու­նիս 7-ին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն ցու­ցակ­նե­րը։ Երկ­րի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան թեկ­նա­ծու­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին նաեւ թրքա­հայ հա­մայն­քէն դէմ­քեր։ Թեկ­նա­ծու­նե­րու ցու­ցակ­նե­րուն վրայ ա­մե­նաու­շագ­րաւ ա­նունն է ՃՀՓ­-ի կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Էօ­զու­զուն-Տո­ղան։ Կու­սակ­ցա­պետ Քեմալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի տնօ­րի­նու­թեամբ ան Իս­թան­պու­լի երկ­րորդ ընտ­րաշր­ջա­նէն ա­ռա­ջին կար­գի վրայ թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած է։ Այս պա­հու դրու­թեամբ ար­դէն կա­րե­լի է ը­սել, որ իր զբա­ղե­ցու­ցած դիր­քով Սե­լի­նա Էօ­զու­զուն-Տո­ղա­նի խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծե­լը ե­րաշ­խա­ւո­րուած է։ Ան ո­րե­ւէ ռիսք չու­նի խորհր­դա­րան մտնե­լու հա­մար, հե­տե­ւա­բար այժ­մէն կա­րե­լի է ար­ձա­նագ­րել, որ ի­րեն պի­տի վի­ճա­կի պատ­մա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ վերջ խորհր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ պի­տի գտնուի հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի մը՝ որ­պէս ե­րես­փո­խան։

Սե­լի­նա Էօ­զու­զուն-Տո­ղան ծնած է 1977 թուա­կա­նին։ «Նոթր Տամ Տը Սիոն» ֆրան­սա­կան լի­սէն ա­ւար­տե­լէ վերջ վկա­յուած է Կա­լա­թա­սա­րայ հա­մալ­սա­րա­նի Ի­րա­ւա­բա­նու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն։ Ներ­կա­յիս «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նէն ներս մա­գիստ­րո­սու­թեան աշ­խա­տանք կը տա­նի։ Հա­յե­րէ­նի եւ թրքե­րէ­նի ա­ռըն­թեր գի­տէ անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն։ Ա­մուս­նա­ցած, զա­ւա­կի մը տէր Սե­լի­նա Էօ­զու­զուն-Տո­ղան կ՚աշ­խա­տի ի­րա­ւա­բա­նա­կան մաս­նա­ւոր գրա­սե­նեա­կի մը մօտ։ Ան դուստրն է Պա­քըր­գիւ­ղի նախ­կին փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ե­րուանդ Էօ­զու­զու­նի։ Իսկ իր ա­մու­սինն է Էր­տալ Տո­ղան, որ նոյն­պէս ի­րա­ւա­բան է եւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը զբա­ղի հան­գու­ցեալ Հրանդ Տին­քի դա­տա­վա­րու­թեամբ։ Տե­ղա­կան մա­մուլն ալ լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ Սե­լի­նա Էօ­զու­զուն-Տո­ղա­նի թեկ­նա­ծու­թեան եւ այս ծի­րին մէջ կը շեշ­տուի, որ իր հայ­րը՝ Ե­րուանդ Էօ­զու­զուն ե­ղած է վա­ղե­մի ՃՀՓ­-ա­կան մը։

Թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուե­լէ վերջ Սե­լի­նա Տո­ղան զա­նա­զան թեր­թե­րու տուած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն մէջ ընդգ­ծած է, որ իր պա­րա­գան ա­պա­ցոյց մըն է ՃՀՓ­-ի մօտ ապ­րուած փո­փո­խու­թեան հա­մար։

Սե­լի­նա Տո­ղան շեշ­տած է, որ խորհր­դա­րա­նէ ներս եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ե­րես­փո­խան մը չէ գտնուած։ Ինք պի­տի փոր­ձէ ըլ­լալ ձայ­նը ո՛չ միայն հա­յե­րուն, այլ նաեւ այն բո­լոր խո­ցե­լի խմբակ­նե­րուն, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն չեն ու­նե­նար ի­րենց ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու։

Սե­լի­նա Տո­ղա­նի ա­ռըն­թեր թեկ­նա­ծու­նե­րու ցու­ցակ­նե­րուն վրայ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ եւս եր­կու ա­նուն։ Ա­ռա­ջինն է Կա­րա­պետ Փայ­լան եւ երկ­րոր­դը՝ Մար­գար Է­սաեան։ Եր­կուքն ալ ծա­նօթ ա­նուն­ներ են։ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րա­պետ Փայ­լան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած է ՀՏՓ­-ի կող­մէ։ Իս­թան­պու­լի Գ. ընտ­րաշր­ջա­նէն ան թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած է երկ­րորդ կար­գի վրայ։ Ե­թէ այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը յա­ջո­ղի յաղ­թա­հա­րել նուա­զա­գոյն քուէ­նե­րու պատ­նէ­շը, ա­պա շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Կա­րա­պետ Փայ­լանն ալ ընտ­րուի ե­րես­փո­խան։ Հարկ է նշել, որ ՀՏՓ­-ի ցու­ցա­կին վրայ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած են նաեւ Մու­րատ Մըխ­ճը եւ Ֆի­լոր Ու­լուք Պեն­լի։

Հրա­պա­րա­կա­գիր-հե­ռուս­տա­մեկ­նա­բան Մար­գար Է­սաեանն ալ թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած է ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ։ Ան Իս­թան­պու­լի Բ. ընտ­րաշր­ջա­նէն ա­ռա­ջադ­րուած է 12-րդ կար­գի վրայ։

Այս բո­լո­րէն վերջ թրքա­հայ հա­մայն­քը յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պի­տի հե­տե­ւի ար­տա­սո­վոր ու­շադ­րու­թեամբ, քա­նի որ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ վերջ հայ ար­մատ­նե­րով ե­րես­փո­խա­նի մը ընտ­րուի­լը գրե­թէ ե­րաշ­խա­ւո­րուած է եւ նոյ­նիսկ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կայ, որ թի­ւը ըլ­լայ մէ­կէ ա­ւե­լի։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015