ՄԱՐԹԻՆ ՇՈՒԼՑԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅՑԸ

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլց այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի ա­ռըն­թեր ան կը մէկ­տե­ղ-ւի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն զա­նա­զան դէմ­քե­րու հետ։

Ներ­կա­յիս Թուր­քիա-Եւ­րո­խորհր­դա­րան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կ՚ապ­րուի բարդ շրջան մը։ Ար­դա­րեւ, Ապ­րի­լի 24-ին ըն­դա­ռաջ, յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ ԵԽ պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցը։ Այս­պէս, Ապ­րի­լի 15-ին նա­խա­տե­սուած է «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցը» խո­րագ­րեալ նա­խագ­ծի մը օ­րա­կար­գի վրայ գա­լը, քուէար­կու­թիւ­նով հան­դերձ։

Մար­թին Շուլ­ցի Ան­գա­րա­յի այ­սօ­րուան շփում­նե­րը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան, որ­պէս­զի Թուր­քիոյ ան­հանգս­տու­թիւն­նե­րը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ յանձ­նուին իր նկա­տառ­ման։ Ե­թէ այդ բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նուի Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին կող­մէ, ա­պա Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ պի­տի յա­ռա­ջա­նան դժուա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ թրքա­կան կող­մը այ­սօր կը զգու­շաց­նէ Մար­թին Շուլ­ցը։

Հարկ է նշել, որ այս բա­նա­ձե­ւին բե­րու­մով Թուր­քիոյ մօտ յա­ռա­ջա­ցած ան­հանգս­տու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ, 24-26 Մարտ թուա­կան­նե­րուն Պրիւք­սէ­լի մէջ շարք մը շփում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էր Թուր­քիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, ո­րու կազ­մին մէջ կը գտնուէին թէ՛ ընդ­դի­մու­թեան եւ թէ իշ­խա­նու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խան­ներ։

Խորհրդարանական պատուիրակութեան ա-ռընթեր, Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըրն ալ մօտաւոր անցեալին արտայայտած էր Թուրքիոյ համապա-տասխան անհանգստու-թիւնը՝ յաչս իր եւրոպա-ցի երկխօսներուն։

Հարկ է նշել, որ Եւրո-խորհրդարանը միջոց մը առաջ հանդէս եկած էր կոչով մը, որպէսզի Եւրո-միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները «ճանչ-նան Հայոց ցեղասպանու-թիւնը»։ Այս կոչէն վերջ հիմա ուշադրութեամբ կը սպասուի Եւրոխորհրդա-րանի յաջորդ քայլին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015