ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այց մը տուաւ Թեհ­րան, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Սա­տա­պա­տի պա­լա­տէն ներս բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Էր­տո­ղան, որ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Հա­սան Ռու­հա­նիի հետ։ Ա­ւե­լի վերջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին Թուր­քիա-Ի­րան բարձր մա­կար­դա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի երկ­րորդ ժո­ղո­վը, ո­րով ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ ա­նան­տե­սե­լի յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Այս­պէս, եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կնքուե­ցան ութ պայ­մա­նագ­րեր, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նել շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ ա­պա­հո­վուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան ար­դիւն­քին նոր ի­րադ­րու­թիւն մը ստեղծուած է տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս, Ան­գա­րա եւ Թեհ­րան ե­րէ­կուան քննար­կում­նե­րը ծա­ւա­լե­ցին այս ի­րադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Այլ խօս­քով, ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան նոր շրջա­նի նոր քայ­լե­րը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը յա­գե­ցած էր զգա­լիօ­րէն։ Էր­տո­ղան եւ Ռու­հա­նի քննար­կում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին եւ կող­մե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գի զար­գա­ցում­նե­րը մեկ­նա­բա­նե­ցին՝ Թեհ­րա­նի մէջ ի­րենց սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։ Այս առ­թիւ Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց, թէ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են ծա­ւա­լուն քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լու քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ «Մինչ այդ, տա­րած­քաշր­ջա­նը հու­րէ շուրջ­բո­լոր մըն է եւ ա­ռիթն ու­նե­ցանք այս մա­սին խօ­սե­լու։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան պայ­քա­րի շուրջ ար­ժե­ւո­րում մը ը­նե­լու կա­րե­լիու­թիւնն ալ ու­նե­ցանք։ Բնա­կա­նա­բար քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ մեր հա­ւա­նա­կան հա­սա­րա­կաց քայ­լերն ալ նկա­տի ա­ռինք», ը­սաւ Էր­տո­ղան, ըստ ո­րու Թուր­քիա կը փա­փա­քի նոր շրջա­նին Ի­րա­նի հետ տար­բեր քայ­լեր առ­նել զօ­րակ­ցու­թեան մէջ։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քով, այդ նոր քայ­լե­րը առ­նե­լու հա­մար եր­կու կող­մե­րուն մօտ ալ գո­յու­թիւն ու­նի անհ­րա­ժեշտ կամ­քը, ինչ որ նա­խադ­րեալ մը կը ստեղ­ծէ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջագ­ծով որ-­դեգ­րուած նպա­տակ­նե­րուն յա­պա­ղու­մը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, մին-­չեւ մէկ-եր­կու տա­րի ա­ռաջ կող­մե­րը որ­դեգ­րած էին ի­րենց ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լը հասց­նել 30 մի­լիառ տո­լա­րի մա­կար­դա­կին։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց նաեւ, որ Ի­րան ներ­կա­յիս իր ար­տադ­րած բնա­կան կա­զին շուրջ 99 տո­կո­սը կ՚ար­տա­ծէ Թուր­քիա։ Սա շատ լուրջ հա­մե­մա­տու­թիւն մըն է։ Բայց եւ այն­պէս, Էր­տո­ղան Թեհ­րա­նի մէջ ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիա ա­մե­նա­բարձր սա­կա­գի­նով բնա­կան կա­զը կը նե­րա­ծէ Ի­րա­նէն։ Ե­թէ սա­կա­գի­նին մէջ զեղ­չեր կա­տա­րուին, Թուր­քիա բնա­կա­նա­բար կրնայ ա­ւելց­նել Ի­րա­նէն ստա­ցած կա­զին քա­նա­կու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիա այն­պի­սի եր­կիր մըն է, որ բնա­կան կա­զի պա­հան­ջար­կը միշտ կ՚ա­ւել­նայ։ 

Ռու­հա­նիի հետ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան շեշ­տեց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուած են նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը։ Այս ա­ռըն­չու­թեամբ ան յատ­կա­պէս կանգ ա­ռաւ Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ հար­ցե­րուն վրայ։ Կող­մե­րը ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին այս կա­պակ­ցու­թեամբ բաժ­նած են ի­րենց ցա­ւը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը այս կա­պակ­ցու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա դա­ւա­նան­քի հիմ­քով չ՚ըն­կա­լեր այս խնդիր­նե­րը եւ որ­դեգ­րած է մար­դա­կեդ­րոն մօ­տե­ցում­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, պէտք է հա­մախմ­բուիլ եւ այ­լեւս պէտք է կա­սեց­նել մա­հե­րը։

Իր կար­գին, Հա­սան Ռու­հա­նին ալ ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Թուր­քիոյ զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար՝ իր երկ­րի հիւ­լէա­կան ծրագ­րի հար­ցին շուրջ։ Ի­րա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը, Ռու­հա­նիի կան­խա­տե­սում­նե­րով, շատ օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լան Թուր­քիա-Ի­րան տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան յայտ­նեց. «Ի­րե­րօգ­նու­թեամբ, եր­րորդ եր­կիր­նե­րու ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ, ա­հա­բեկ­չու­թեան, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու եւ ար­մա­տա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու մեր վճռա­կա­նու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րե­ցինք»։

­Ռու­հա­նիի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, Եէ­մէ­նի հար­ցին շուրջ եր­կու կող­մե­րը յստա­կօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը ու հա­սած՝ հա­սա­րա­կաց կէ­տե­րու։ Ըստ Ռու­հա­նիի, եր­կու եր­կիր­ներն ալ կ՚ակն­կա­լեն, որ­պէս­զի հնա­րա-­ւո­րինս ա­րագ վերջ գտնէ պա­տե­րազ­մը եւ Եէմ­է­նի մէջ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը կա­սե­ցուի։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան դէ­պի Թեհ­րան միօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը ա­ւար­տեց Ի­րա­նի Կրօ­նա­պետ Ա­յէ­թուլ­լահ Սէիտ Ա­լի Հա­-մա­նէի հետ տե­սակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015