ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Ալիեւ Էրտողանի հետ քննարկեց՝ նախօրէին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներն ու առնուած որոշումները։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնած է իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ։

Պաքուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալիեւ նշեց, որ դրական կը գնահատէ Պրիւքսելի հանդիպման արդիւնքները։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման աշխատանքային խումբի ստեղծման վերաբերեալ ընդունուած որոշումները՝ Պաքուի կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներու ներառումով, տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումով ու տարածքային պահանջներէ հրաժարումով հանդերձ, ինչպէս նաեւ սահմանազատման յանձնաժողովի ստեղծումը։ Զրոյցի տեւողութեան նշուեցաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, փոխադրութեան ու հեռահաղորդակցային գիծերու ստեղծումը պիտի ծառայեն տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման, տարածաշրջանի երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման։

Երէկ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարն ալ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպման շուրջ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Պրիւքսելի մէջ գոյացած համաձայնութիւնները կը բխին Պաքուի շահերէն։

Պրիւքսելի գագաթաժողովը միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը դրական արձագանգեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի վերջին հանդիպման։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով տեղեկացուց, որ Մոսկուա դրական կը գնահատէ Երեւանի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն որոշումը՝ խաղաղ բանակցութիւններու գործընթաց մը ստեղծելու վերաբերեալ։ «Հասկնալի է, որ սա շարունակական գործընթաց մըն է, սակայն, նման փաստաթուղթ կնքելու ուղղութեամբ ընթանալը ինքնին դրական փաստ մըն է եւ ողջունելի է», նշած է ան։

Իր կարգին, Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ անդրադարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպման։ «Ներկայ աշխարհաքաղաքական համատեսքին մէջ հիմա առաւել քան երբեք կարեւոր է գտնել ուղիներ՝ ներգրաւուելու եւ դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու համար հակամարտութիւնները», նշեց եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022