ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Տո­ղա­նը, որ փու­թա­ցած էր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տա­լու եւ ստա­նա­լու իր օրհ­նու­թիւ­նը։ Ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Սե­լի­նա Տո­ղա­նին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Միւս կող­մէ, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը վեր­ջին օ­րե­րուն Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ Սա­հակ-Մես­րոպ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, որոնք այս շաբաթավերջին կը նշեն իրենց տարեդարձը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015