ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ

Լիբանանի մէջ Մայիս 5-ին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Վերջին անգամ ինն տարի առաջ խորհրդարանական ընտրութիւն տեղի ունեցած էր երկրին մէջ։ Նորընտիր խորհրդարանի 128 անդամներու շարքին կը գտնուի հինգ հայ երեսփոխան։ Հայ երեսփոխաններու համար ընդհանուր առմամբ նախատեսուած է վեց աթոռ։ Այժմ յայտնի է հայազգի հինգ երեսփոխանի անունը։ Անոնք են՝ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան, Ժան Թալուզեան եւ Փոլա Յակոբեան։ Այս ընտրութիւններուն առաջին անգամ քուէարկեցին Լիբանանի այն քաղաքացիները, որոնք կը գտնուին արտասահմանի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018