ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՐԴՈՒՄԸ

Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի երդման արարողութիւնը՝ պաշտօնավարութեան նոր ժամկէտի սկիզբին առթիւ։ Քրեմլինի պալատէն ներս շուրջ 7 հազար հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ռուս ղեկավարը կատարեց իր երդումը։ Արարողութեան առթիւ Փութին առաջին անգամ օգտագործեց նաեւ իր՝ ռուսական արտադրութեան զրահապատ Լիմուզինը։

Միւս կողմէ, Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շրջանին համար ալ վարչապետ նշանակեց Տիմիթրի Մետվետեւը։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018