ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏԱՐՒՈՅՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» արժանացած է EMYA 2023 մրցանակին։ Այսպէսով «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» հռչակուած է Եւրոպայի այս տարուան լաւագոյն թանգարանը։ «Քենեթ Հատսըն» հաստատութիւններու համար նախատեսուած մրցանակը շնորհուած է՝ կառոյցի համարձակութեան եւ ուղղամտութեան համար։

Եւրոպայի թանգարաններու ֆորումին կողմէ շնորհուած մրցանակը ստանձնած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ծրագրերու տնօրէնուհի Նայեատ Գարաքէօսէ։ Համապատասխան վկայականը յանձնուած է հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023