ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու խտացեալ բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն, այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ կը կազմակերպուի նոր ժամադրութիւն մը։ «The Financial Times»ի հաղորդումներով, այս շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ պիտի տեսակցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023