ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԸ

Ռուսաստանի վերընտրեալ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ երդուելով ձեռնարկեց նոր պաշտօնավարութեան շրջանին։ Քլեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Փութինի պաշտօնամուտը՝ մինչ արարողութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ միանշանակ վերաբերմունքի չարժանացաւ՝ մասնաւորապէս արեւմտեան պլոքի երկիրներու մասնակցութեան տեսակէտէ։ Մինչ Փութին երդուեց երկրի Սահմանադրութեան վրայ՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ Պատրիարքն ալ հերթական պաշտօնամուտին առթիւ անոր փոխանցեց օրհնութիւնները։

Պաշտօնամուտի արարողութեան ելոյթին ժամանակ Փութին շեշտեց, որ Քրեմլին երկխօսութեան դռները բաց կը պահէ Արեւմուտքին համար։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024