ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ դեսպան Այշէ Սէօզէն Ուսլուէր երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։ Ըստ էութեան, սա ծանօթացման հաւաքոյթ մըն էր։ Նաիրի Պետրոսեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ դեսպան Ուսլուէրին՝ իր պաշտօնամուտի շրջանին։

Թէ՛ Ուսլուէր եւ թէ Պետրոսեան ընկերային ցանցերու վրայ այս հանդիպման արձագանգեցին արարողակարգային պատշաճութիւններու սահմանին մէջ, գրառումներով շնորհակալութիւն յայտնելով իրարու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024