ՔՈՒԷՅԹԻ ԷՄԻՐԻՆ ԱՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Քուէյթի Էմիր Շէյխ Միշալ էլ Ահմէտ էլ Ճապիր էլ Սապահը։ Թուրքիոյ եւ Քուէյթի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեայ յոբելեանին շարժառիթով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահն ու էմիրը առաջնահերթօրէն անդրադարձան Կազզէի պատերազմին։

Քուէյթէն Թուրքիա եօթ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ էմիրի մակարդակով այց մը տեղի ունեցաւ։ Անցեալ դեկտեմբերին պաշտօնի ձեռնարկած Քուէյթի էմիրը արաբական երկիրներէ բացի իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը իրականացուց դէպի Թուրքիա։ Էրտողան էմիրին շնորհեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական շքանշանը։

Կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ եւ Քուէյթի միջեւ ստորագրուեցան զանազան փաստաթուղթեր, որոնք հետամուտ են համագործակցութիւնը զարգացնելու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024