«ԱՒՐՈՐԱ-2017»Ի ՀԵՐՈՍԸ՝ ԹՈՄ ՔԱԹԻՆԱՅԻ ՄԱՍԻՆ. ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ…

ՆՈՒՊԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՀԵՐՈՍԸ 

Թոմ Քաթինան այն բժիշկն է, որ Նիւ Եորք քաղաքի հանգիստ պայմանները թողլով կը մեկնէր Սուտան, մարդասիրական առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Ամերիկացի բժիշկը իր աշխատանքը կը ծաւալէր «Մայր գթութեան» անունը կրող հիւանդանոցին մէջ, որ կը պարփակէ անկողին եւ որ միակն է շրջանին մէջ: Նուպա լեռնային հատուածը փնտռուած այս բժիշկը տարեկան կտրուածքով կը բուժէ 500 հիւանդ եւ վիրահատական գործողութիւններ կը կատարէ պատերազմի տարբեր պայմաններու բերումով վիրաւորուած 1000 վիրաւորներու: Քաթինա, երբ այդ քայլին դիմած է, ոչ իսկ մտածած է, որ իր ծառայութենէն տարիներ անց եւ Սուտանէն հազարաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեամբ Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանի մէջ 28 Մայիսի երեկոյեան պիտի կանգնի հազարաւոր մարդոց դիմաց ու հայութեան բոլոր ժամանակներու դեսպան՝ Շարլ Ազնաւուրի ձեռամբ ստանայ «Աւրորա-2017» մրցանակը: Մարդկային ու քրիստոնէական ամենաբարձր արժէքներու կրողը համարուող Քաթինա դրական կարեւոր շեշտ մը կ՚աւելցնէր «Աւրորա»ի ընդհանուր անունին:

«Աւրորա»ի համահիմնադիրները, որոնք անձկութեամբ եւ յաճախ տամուկ աչքերով կը հետեւէին մրցանքի վերջին փուլ հասած բոլոր հինգ թեկնածուներու խօսքերուն՝ կը հասնէին այն համոզման, որ տարի մը առաջ իր գործի ծանր պայմաններուն բերումով Երեւան հասնիլ չկարողացած Քաթինա ամենէն արժանին էր ստանալու այս մրցանակը: «Աւրորա»ի համահիմնադիր եւ յայտնի գործարար՝ Ռուբէն Վարդանեանի կարծիքով, «Աւրորա»ի մրցանակի բոլոր թեկնածուները հերոսներ են: Ան այս առումով կ՚ըսէր. ««Աւրորա» մրցանակի վերջին փուլին հասած բոլոր թեկնածուները հերոսներ են: Իսկ մրցանակ ստացողը, ոչ մէկ առաւելութիւն ունի միւս թեկնածուներէն, մեր ըրածը պարզապէս քաջալերական արարք մըն է»: Այստեղ պէտք է նշել, որ «Աւրորա» մրցանակը շահողը կը ստանայ 100 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնք մինչ այդ սատարած եւ նեցուկ կանգնած են «Աւրորա»ի հերոսին, ապա այդ կազմակերպութիւնները կը ստանան 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը: Այս տարի Քաթինայի օժանդակած կազմակերպութիւնները, որոնք նշեալ գումարը ստացան, երեք հատ են ու կը կոչուին.

Ափրիկեան առաքելութեան առողջապահական հիմնադրամ  (AMHF), ԱՄՆ

Կաթոլիկ առողջապահական առաքելութեան խորհուրդ (CMMB), ԱՄՆ 

Aktion Canchanabury, Գերմանիա

«ԱՒՐՈՐԱ»Ի ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺԸ

«Աւրորա»ի գլխաւոր հիմնադիրները՝ Ռուբէն Վարդանեան, Նուպար Աֆէեան եւ Վարդան Կրէկորեան, երբ այս նախաձեռնութիւնը կը հիմնէին, կը յայտարարէին, որ իրենց համար ամենէն կարեւոր կէտը հայութեան խնդիրներուն տարբեր տեսանկիւնէ մը նայելու առաջնահերթութիւնն էր: Այս բոլորը անշուշտ կապ ունէին հայոց մեծ ցաւին հետ, որուն մասին մտածելու պահուն մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերը հանդէս կու գան պահանջներ ունեցող ժողովուրդի մը դիրքերով: Հայոց եղեռնի 100-րդ տարելիցին (2015) հայութեան տարբեր խաւեր Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր անկիւններուն մէջ կը բարձրաձայնէին ու աշխարհին կը յիշեցնէին հայութեան հարցերուն եւ խնդիրներուն մասին: Այս բոլորին լոյսին տակ «Աւրորա»ի հիմնադիրները սակայն խնդրին կը մօտենային այլ տեսանկիւնէ: Անոնց համար գերագոյն խնդիր էր, որ հայութիւնը նոր մօտեցումներով «երկխօսութիւն» իրականցնէ աշխարհին հետ: Այսինքն իր խըն-դիրներուն մասին խօսի այս անգամ օժանդակութեան ձեռք երկարելով բոլոր անոնց, որոնք յանուն մեծագոյն զոհողութիւններու եւ շատ յաճախ իրենց սեփական կեանքը վտանգելով յայտնը-ւած էին «փրկարար» ըլլալու դերով:

Ցոյց տրուելիք նեցուկը, միայն բարոյական նեցուկ մը չէր, այլ կար դրամական մեծ յատկացում մը տրամադրելու որոշումը:

Ու այս ձեւով էր նաեւ, որ «Աւրորա»ի հերոսը դուրս պիտի գար իր նեղ շրջանակէն ու դառնար ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ աշխարհին հերոսը: Ցանցային մեծ կապերու շրջանակով գործող «Աւրորա»ի կազմակերպիչները լաւ հասկցած էին, որ տուեալ հերոսին մասին որեւէ լրատուութիւն կամ տեղեկութիւն պիտի յաջողէր լոյս սփռել Հայաստանի վրայ, անոր դերին, տեղին, անցեալին եւ պատմական խորք ունեցող խնդիրներուն վրայ:

Եւ այս մօտեցումով է նաեւ, որ «Աւրորա»ն դուրս պիտի գար իր ներհայկական շրջանակէն ու դառնար՝ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոն:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՏԱՐՈՒԻՇԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

«Աւրորա-2017» մրցանակի վերջին փուլին հասած թեկնածուներու շարքին էր Սուրիոյ Մատայա շրջանին մէջ որպէս բժիշկ ծառայած Մուհամմէտ Տարուիշ անունով երիտասարդի մը անունը: Ան Սուրիոյ պատերազմի նախօրեակին Դամասկոսի մէջ ատամնաբուժական հիմնարկի ուսանող էր:

Տարուիշի անուան հրապարակումէն կարճ միջոց մը ետք հայկական սփիւռքի տարբեր անկիւններէն լսելի կը դառնային բողոքի ձայներ՝ անոր կասկածելի կերպար մը ըլլալուն վերաբերեալ: Այդ մեղադրականը հնչեցնողները կ՚առարկէին նաեւ, որ Տարուիշ անդամ էր սուրիական պատերազմին մասնակից դարձած եւ Հալէպի հայութեան մեծ վնասներ պատճառած զինեալ խմբաւորման մը, որ մեծաթիւ երկիրներու կողմէ դասուած էր որպէս ահաբեկչական խմբաւորում: Բաւական մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենար բարձրացուած աղմուկը: «Աւրորա»ի կազմակերպիչ մարմինը սակայն կը շարունակէր Տարուիշի անունը պահել «վերջին հնգեակ»ի ցուցակին մէջ:

Այս խնդրին մասին եւ «Աւրորա»ի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան աւարտին սոյն տողերը գրողը յաջողեցաւ հարցին վերաբերեալ կարճ զրոյց մը ունենալ մրցանքի կազմակերպիչներէն՝ Ռուբէն Վարդանեանին հետ, որ մեծ համոզումով պաշտպանեց աւարտական փուլ հասածներու իրաւացիութիւնը: Վարդանեան այս առթիւ ըսաւ. «Մենք ոչ մէկ կողմի հետ ենք: Մեզի համար կարեւորը մարդկային վերաբերմունքն է ու Սուրիոյ տագնապին առընթեր ալ մենք կարծիք չենք ուզեր յայտնել։ Այդ տագնապի կամ որեւէ այլ տագնապի ներքին մանրամասնութիւններուն մասին չենք զօրակցիր հակամարտող կողմերէն որեւէ մէկուն»: Վարդանեանի խօսքը բաւական յստակութիւն կը բերէր այս խնդրին, սակայն յստակ էր նաեւ, որ մեծ թիւով սուրիահայերու համար այդ անունին մրցանակի վերջին փուլին ներկայանալը կը շարունակէր ու դեռ ալ կը շարունակէ մնալ անընդունելի:

Այս բաժինը եզրայանգելու համար կարելի է ըսել, որ «դիպուածներու» բերումով Տարուիշ կը բացակայէր մրցանքի վերջին հանդիսութենէն՝ այսինքն չէր մասնակցեր, այդպէսով իրավիճակը եւ խնդրին շուրջ առկայ դժգոհութիւնը մեղմելով:

Նման հարց մը, բաւական նուրբ եւ «գլխուցաւ» պատճառող հարց է եւ կրնայ նոյնիսկ պետական մակարդակի լուրջ խնդիր դառնալ, նկատի առնելով մէկ կողմէ Ռուսաստանի Սուրիոյ պատերազմին ներգրաւուածութիւնը եւ միւս կողմէ Սուրիա-Հայաստան պետական մակարդակի բարձր յարաբերութիւնները:

Ամէն պարագայի յստակ է, որ «Աւրորա»ի մրցանակը կազմակերպողները այսօր արդէն քաջատեղեակ են Սուրիոյ խնդրի առկայ բազմապիսի նրբութիւններէն եւ յուսալի է նաեւ, որ յառաջիկայ փուլերուն նման մեծ բացթողումներ չեն արձանագրուիր:

Նպատակը եւ միջոցները պէտք է ըլլան համահունչ եւ այս առումով ալ հայութեան հարցերուն յաւելեալ ուշադրութիւն ներգրաւելու որեւէ փորձ, պէտք չէ անտեսէ այսօր Հալէպի, Դամասկոսի եւ սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ մահուան ճիրաններէն նոր դուրս եկող հայութեան շահերն ու անվտանգութեան խնդիրները:

ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Անցնող օրերուն Հայաստանը ականատես կը դառնար «Աւրորա-2017» մրցանակի եզրափակիչ միջոցառումներուն, որոնք իրենց լրումին կը հասնէին Կիրակի, 28 Մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցած մրցանաբաշխութեան կեդրոնական հանդիսութեամբ: Աշխարհի տարբեր անկիւններէն Հայաստան ժամանած լրագրողներ, որոնք հետեւեցան այս իւրօրինակ միջոցառումներուն, յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ միջոցառումներ կազմակերպող մարմինը օժտուած էր բարձր մակարդակի արհեսատավարժութեամբ: Ընդունելութիւնը, դերերու բաշխումը, երկխօսութեան համար ստեղծուած առիթները եւ միջոցառումները տեղի ունեցան մեծ արհեստավարժութեամբ ու յստակ էր նաեւ, որ իր առաջին տարին բոլորած «Աւրորա» այսօր մտած է նոր փուլ մը եւ կը պատրաստուի իր առաջին քայլերը նետել միջազգային մակարդակի բարձր որակներու մրցանակ մը դառնալու երկար, բայց հասանելի ճանապարհին:

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017