ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ԶՕՐՔԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼ ԻՆՃԻՐԼԻՔԷՆ

Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւններուն զուգահեռ՝ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշեց իր զօրքերը դուրս բերել Թուրքիայէն։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին գերմանական զօրքերը պիտի հեռանան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ու պիտի տեղակայուին Յորդանանի մէջ։ Սուրիոյ սահմանի Ազրաքի ռազմախարիսխին մէջ պիտի վերահաստատուին գերմանական զօրքերը։ Գերմանիոյ կառավարութեան սոյն որոշումը պէտք է հաստատուի Պունտեստաքի կողմէ։

Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյն երէկ բացատրութիւններ տուաւ այս մասին։ Ըստ իրեն, ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) դէմ պայքարի համար գերմանական զօրքերը պիտի ուղղուին դէպի Յորդանան։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆոն Տեր Լէյնի հետ։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա անհրաժեշտ դիւրութիւնները պիտի ապահովէ գերմանական զօրքերու մեկնումին համար։ Ըշըքի խօսքերով, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիա զգայնութիւն պիտի ցուցաբերէ՝ որպէսզի այս գործընթացի տեւողութեան կաղացում մը չըլլայ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի մէջ։

Իր կարգին, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլն ալ երէկ անդրադարձաւ այս խնդրին։ Ըստ իրեն, գերմանական զօրքերու հեռանալէն վերջ եւս երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի Թուրքիոյ հետ։ Այլեւս Գերմանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան այցելութեան համար վէճ պիտի չըլլայ կողմերուն միջեւ։ Մերքէլի խօսքերով, գերմանական կողմը պիտի խորհրդակցի ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ձեռնարկած միջազգային համախոհութեան մասնակից միւս դաշնակիցներուն հետ եւ հնարաւորինս արագ պիտի կազմակերպուի զօրքերուն տեղափոխութիւնը։

 

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017