ՇՈՒՇԱՆ ԵՐԻՑԵԱՆ ԱՊՀ-Ի 2017-Ի ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆ

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։ Անոնք յաղթական դուրս եկած էին իրենց երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած նախընտրական փուլէն։

Մրցոյթի աւարտին, ԱՊՀ-ի 2017 թուականի գեղեցկուհին հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Շուշան Երիցեան, որ արժանացաւ մեծ պարգեւին։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017