ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՄԱՆԻԱ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս պայրամի արձակուրդի օրերէն անմիջապէս առաջ բացուեցաւ նկարչուհի Մանիա Մուրատեանի ցուցահանդէսը։ Մանիա Մուրատեան Հայաստանէն արտագաղթելով հաստատուած է քաղաքս եւ սա իր առաջին անհատական ցուցահանդէսն է։

Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արուշ Թաշ եւ իր գործակից ընկերները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, տիրամայր Վարդուհի Պեսքիսիզեան եւ այլ բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ ներկայ գտնուեցան ցուցահանդէսին։ Բացումը պատուեց նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մանիա Մուրատեանի ստեղծագործութիւններուն մասին։

Ցուցահանդէսի բացման ժամանակ Մանիա Մուրատեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Ան ընդգծեց, որ եօթ տարիէ ի վեր որպէս սիրող ստեղծագործական աշխատանք կը տանէր։ Նկարչուհին մանաւանդ մետաքսի վրայ կը բանի հայկական աւանդական նախշեր կամ դրուագներ։ Ան ունի նաեւ փայտամշակման գործեր։ Նկարչուհի Մանիա Մուրատեան ընդգծեց, որ որպէս սիրող իր սկսած ստեղծագործական աշխատանքի արդիւնքները որոշած է գեղարուեստասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դնել եւ ներկայ ցուցահանդէսի կազմակերպումը շատ մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2019