ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄՈՒՐԱՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մայրիկէն նուէր ստացած ջութակին հետ, արդէն ութ տարիէ ի վեր, 20-ամեայ Շուշանիկ Մուրատխանեան անբաժան է։ Ջութակը իր հետ միասին շրջած է Հայաստանով եւ աշխարհով մէկ՝ մասնակցելով տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօններու: Երաժշտութեան հանդէպ սէրը Շուշանիկը ժառանգած է երաժիշտ ծնողներէն: «Շատ կ՚ուզէի, որ կրտսեր եղբայրս ալ երաժշտութեամբ զբաղէր, յատկապէս՝ թաւջութակ նուագէր, բայց մայրս ըսաւ՝ տան մէջ երեք նուագող հերիք է», կը պատմէ Շուշանիկ Մուրատխանեան՝ ժպտալով:

Ան այժմ կ՚ուսանի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի 3-րդ դասարանը՝ անվճար համակարգով: Միայն լսարանային դասերը զայն չեն բաւականացներ, կը յաճախէ նաեւ ջութակի մասնաւոր փորձերու: Այդ իսկ փորձերուն վրայ է, որ Շուշանիկը կը նախատեսէ ծախսել երաժշտանոցի «Լաւագոյն ուսանող» ճանչցուելուն համար ստացած կրթաթոշակը՝ բարերարներ Հրայր եւ Մարթա Ալբարեաններուն կողմէ:

2008 թուականէն ի վեր բարերարները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով անուանական կրթաթոշակ կը յատկացնեն Երեւանի Պետական երաժշտանոցի լաւագոյն ուսանողներուն: Ամէն տարի երաժշտանոցի գերազանց ուսանող եւ հանրային ու համերգային աշխուժութիւն ցուցաբերող մէկ ուսանող կը ստանայ 500 ամերիկեան տոլարին համարժէք գումար: Երաժշտանոցը կը ներկայացնէ լաւագոյն ուսանողներու յայտերը հիմնադրամին, իսկ բարերարները կ՚ընտրեն կրթաթոշակ ստացողը:

Մուրատխանեան Ալբարեաններու կրթաթոշակ ստացող արդէն իններորդ ուսանողն է: Կրթաթոշակ եւ շնորհաւորական վկայագիր ստանալու համար՝ իր սիրելի ջութակին հետ՝ Շուշանիկը այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ, ուր զինք պարգեւատրած է հիմնադրամի Մարդասիրական ծրագիրներու համակարգող Այտա Խաչիկեան: Ան զրուցած է Շուշանիկի հետ՝ անոր մասնագիտական յաջողութիւններուն, ապագայի պատկերացումներուն, նաեւ հիմնադրամի ծրագիրներուն մասին: Ջութակը հանդիպման անմասն չէ մնացած. Շուշանիկ Մուրատխանեան զրոյցի աւարտին կատարած է իր սիրելի գործերէն մէկը:

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017